22.2.25

Կոստան Զարեանի 140-ամեակը Երեւանի մէջ

Շաբաթ, 8 Փետրուարին, Կոստան Զարեանի ծննդեան 140-ամեակի օրը, Հայաստանի «Կողբ» հիմնադրամը սկիզբը դրաւ մեծանուն գրողի կեանքի ու գործի ծանօթացման ձգտող ծրագրի մը, որ պիտի երկարաձգուի ամբողջ տարուան ընթացքին։ Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի որմնանկարներու սրահին մէջ, հրաւիրեալներու ընտիր բազմութեան մը ներկայութեան։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Սոնա Վերդեան։ Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին «Կողբ» հիմնադրամի հոգաբարձութեան խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեան, երգահան Տիգրան Մանսուրեան, գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, հայագէտ Վարդան Մատթէոսեան (յատկապէս հրաւիրուած Միացեալ Նահանգներէն) եւ Զարեանի թոռը՝ ճարտարապետ Արա Զարեան (յատկապէս հրաւիրուած Իտալիայէն), որոնք վեր առին հռչակաւոր գրողի գործին նշանակութիւնը եւ զայն առաւել եւս ծանօթացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ Զարեանի թոռնուհին՝ Անայիս Զարեան, նոյնպէս հրաւիրուած Իտալիայէն։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ, «Հովեր» երգչախումբը մեկնաբանեց Տիգրան Մանսուրեանի «Ասացուածքներ» շարքը (1968), հիմնուած՝ Զարեանի բանաստեղծութիւններուն վրայ, իսկ դերասան Տիգրան Գաբոյեան կարդաց վերջինիս «Երեւան, սպիտակ քաղաք» եւ «Կոմիտաս Վարդապետին» քերթուածները։

Ստորեւ կու տանք մեր աշխատակից Վարդան Մատթէոսեանի խօսքը։
 

Նախ եւ առաջ, կ՚ուզեմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել «Կողբ» հիմնադրամին, որ պատիւը ըրաւ զիս հրաւիրելու Կոստան Զարեանի ծննդեան 140ամեակին առիթով անոր նախաձեռնած նախագիծի այս մեկնարկին։ Ինչո՞ւ մեղքս ծածկեմ. հրաւէրը ստանալէ առաջ, «Կողբ» հիմնադրամին անունը ինծի լիովին անծանօթ էր։ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող հիմնադրամներն ու հասարակական կազմակերպութիւնները այնքան շա՛տ են։ Բայց երբ ձեռնարկեցի ծանօթանալու, անոր կայքէջին մէջ կարդացի, թէ աւելի քան 10 տարուան բազմապիսի ծրագիրներու շարքին, որոնց մէկ մասը այնքան կարեւոր Տաւուշի շրջանին նպաատելու ուղղուած էր, անտառապատում կատարուած էր, այդ ալ՝ «տնկելով 30.000 ծառ անտառի երեք գօտիներում, որոնք կրում են հայ մշակոյթի մեծագոյն գործիչների՝ Կոմիտասի, Մարտիրոս Սարեանի եւ Կոստան Զարեանի անունները»։ Պարզ դարձաւ, որ Զարեանը երկինքէն ինկած պատահական անուն մը չէր հիմնադրամի գործունէութեան մէջ, այլ գիտակցուած ներկայութիւն։
Իսկ եթէ այսօր երբեմնի «պատժուած գրողը»՝ լուսահոգի Արմէն Զարեանի բնոոշումով, գիտակցուած ներկայութիւն դարձած է Հայաստանի մէջ, ամբողջ դարակ մը լեցնող հատորներով վերջին քառորդ դարուն, պէտք է արժանին մատուցել «Սարգիս Խաչենց», «Փրինթինֆօ», «Անտարես», «Զանգակ» եւ «Նայիրի» հրատարակչատուներուն, որ յարատեւ ու հետեւողական կերպով ընթերցողի սեղանին դրած է գրողի ժառանգութեան արդէն յայտնի, բայց նաեւ անյայտ, գիրքով տպուած, բայց նաեւ մամուլի մէջ ցրուած կամ անտիպ գործեր՝ որակի ու ճաշակի նկատառելի ու գնահատելի ցուցադրութեամբ, ինչպէս եւ այդ հատորները կազմողի ջանքերուն։

Ես կու գամ Սփիւռքէն, որ Հայաստանի լռութեան տարիներուն Զարեանի գործը քիչ թէ շատ պահեց ու պահպանեց, հակառակ Անդրանիկ Ծառուկեանի դիպուկ այն նկատողութեան, թէ «Սփիւռքի կշեռքները հազիւ Շահնուր կամ Որբունի կրնան վերցնել։ Զարեան կամ Օշական փորձեն՝ կշեռքը կը կոտրի։ Անկարողութիւն տկարութեան վիճակ մըն է, մեղք մը չէ»։ Միւս կողմէ, պէտք է դիտել տալ, որ Զարեան, որ ինչպէս դիտել տուած եմ այլուր, գրական իր խառնուածքով ո՛չ արեւելահայ էր, ո՛չ արեւմտահայ, ո՛չ սփիւռքահայ եւ ո՛չ ալ խորհրդահայ, այլ պարզապէս աշխարհի փորձընկալումով հայ մը, որ 1924-1963-ին ապրած է արտասահմանի մէջ, 1961-ին յայտնելու համար, թէ «Սփիւռք անունը չեմ սիրում», եւ ընդգծելով, թէ ինք գաղթական չէր, այլ տարագիր, ի վերջոյ Հայաստանը տեսնելով իբրեւ իր վայրը, թէեւ այն Հայաստանը ուր ինք վերադարձաւ մերժեց զինք։

Եւ սակայն, 1970-ական-1990-ական թուականներուն, Սփիւռքի մէջ էր որ «Հայրենիք» ամսագրի հին էջերէն յիսուն տարի ետք ազատագրուեցան «Անցորդը եւ իր ճամբան», «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները», «Քաղաքներ», «Արեւմուտք», իսկ միւս կողմէ վերատպուեցան «Նաւը լերան վրայ», «Օրերի պսակը», «Տատրագոմի հարսը», անգլերէն համառօտ թարգմանութեամբ լոյս տեսան «Անցորդը եւ մամութի ոսկորները», «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները», «Կղզին եւ մի մարդ»ը, ֆրանսերէն թարգմանութեամբ՝ «Նաւը լերան վրայ» եւ «Կղզին եւ մի մարդ»։ Նաեւ լոյս տեսան քանի մը արժէքաւոր ուսումնասիրական յօդուածներ։ Անտիպ մնացին «Երկիրներ եւ աստուածներ»ու անգլերէն համառօտ եւ «Նաւը լերան վրայ»ի ամբողջականը։

Քանի մը շաբաթ առաջ, ճարտարապետ Արա Զարեանի խնդրանքին ընդառաջելու համար, կազմեցի Կոստան Զարեանի վերաբերեալ իմ հրատարակութիւններուս մատենագիտութիւնը։ Անակնկալօէն պարզուեցաւ, իմ բոլոր ենթադրութիւններէս վեր, որ հինգ տարբեր լեզուներով լոյս տեսած անոնց թիւը մինչեւ հիմա անցած է հարիւրը, ներառելով 1998-ին լոյս տեսած առաջին մենագրութիւնը, աշխատասիրութիւն մը («Կղզին եւ մի մարդ»ու եւ անգլիացի աշխարհահռչակ գրող Լօրընս Տառէլի «Պրոսպերոյի կղզին» համատեղ հրատարակութիւնը՝ ամբողջական թղթածրարով), ուսումնասիրական յօդուածներ, հայերէն եւ օտար լեզուներով եւ փաստաթուղթերու հրապարակումներ, լրագրաան յօդուածներ։ Ամենահինը արժանթինեան օրաթերթի մը մէջ 1986-ին լոյս տեսած հանրամատչելի յօդուած մըն է, երբ տակաւին չէի երազեր Զարեանի կեանքով ու գործով զբաղիլ։

Բայց շուտով, 1989-ին, Հայաստան առաջին այցելութեանս ժամանակ, որոշեցի պարզ ընթերցողի կրաւորական դիրքէն դուրս ելլել եւ փոքր-ինչ զբաղիլ Զարեանի կենսագրութեան հարցերով։ Գիտէի, որ հաւասարում մըն է բազմաթիւ անյայտներով, յիշելու համար եղերաբախտ Վարդգէս Պետրոսեանի խօսքը, որոնք մինչեւ այսօր կը բացուին... մատրիոշկայի նման։ Սկիզբը՝ կողմնակի, յետոյ աւելի հիմնաւոր զբաղումս (քանի որ մնայուն կերպով կը դեգերիմ պատմութեան եւ գրականութեան երկու բեւեռներուն միջեւ), յաջորդ 35 տարիներուն թերեւս նպաստած է քանի մը անյայտներ լուծելու, բայց դեռ հեռու ենք հաւասարումը լուծելէ։ Եթէ կը գիտակցինք, որ Զարեան բոլորովին ուրիշ որակ բերած է հայ գրականութեան, պատճառը այն է, որ, իր բոլոր ժամանակակիցներէն աւելի, աշխարհը բերած է մեզի։ Ո՜չ միայն աշխարհը բերած է մեզի երեք ցամաքամասերու վրայ կարծես անվերջ տեղափոխումներով ու ճամբորդութիւններով, այլ նաեւ այդ շարժումներէն բխած իր ուղեգրութիւններով ու տպաւորութիւններով, որոնք շա՜տ հեռու են լուսանկարչական արձանագրութիւններ ըլլալէ։ Բայց նաեւ աշխարհը բերած է իր իւրաքանչիւր գործին մէջ թափանցած, իր իսկ կողմէ իւրացուած տարբեր ժամանակներէ գրողներու, փիլիսոփաներու, արուեստագէտներու խոհերով, հարցադրումներով, վիճարկումներով, որոնց դիմաց ինք յաճախ կանգնեցուցած է սեփական խոհերը, հարցադրումները, վիճարկումները։ Դեռ չենք հաշուեր առաւել կամ նուազ յաճախակիութեամբ յիշուած բազմաթիւ անունները, որոնք յաճախ կը ստիպեն հանրագիտարան բանալ։ Դեռ չենք խօսիր ուղղակի թէ անուղղակի յարաբերութիւններուն մասին՝ իրեն ժամանակակից գրական, մտաւորական, գեղարուեստական, քաղաքական դէմքերու հետ, որոնցմէ շատերը դեռ կը կարօտին լուսաբանութեան եւ ուսումնասիրութեան։

Թերեւս այդ է, որ վերջին հաշուով զիս մղած է՝ աշխարհի հեռաւոր հարաւամերիկեան անկիւնէն սկսելով, այժմ՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն, զբաղելու Կոստան Զարեանով։ Առանց ուզելու նոյնիսկ, Զարեան եղած է Սփիւռքի, սփիւռքահայու նախատիպարը, որովհետեւ ապրած է հայ եւ օտար աշխարհներու եւ լեզուներու եզրագծին, միաժամանակ պահպանած է հաւասարակշռութիւնը երկու աշխարհներու միջեւ, խորապէս մուտք գործելով հանդերձ երկուքին մէջ, առանց երբեւէ կորսնցնելու մէկը կամ միւսը, անգամ մը որ իր երիտասարդութեան գտած է բանալին որ պիտի տանէր դէպի հայ գրականութիւն։

Երկար տասնամեակներու արգելքէ ու բացակայութենէ ետք, Կոստան Զարեանի վերադարձը իր գործերուն ընդմէջէն արդէն ամրագրուած է վերջին տասնամեակներուն։ Արդէն սկսած է նոյնիսկ յաճախակի մէջբերուիլ՝ ասոյթի ձեւով։ Բայց կը մնայ ո՛չ միայն որ ան դառնայ պեսթ-սելլըր մը՝ անգլերէն բառացի իմաստով՝ «լաւագոյն վաճառուող», այլ նաեւ որ մեր գրական քննադատներն ու հետազօտողները աւելի հանգամանալից կերպով անդրադառնան Զարեանին ու անոր գրականութեան մակարդակին համապատասխան վերլուծումներ հրամցնեն ընթերցողին։ Ի վերջոյ, եթէ ընդունինք որ ո՛չ միայն Զարեան շփում ունեցած է համաշխարհային գրականութեան ու մշակոյթի մեծերու հետ, այլ նաեւ որ համաշխարհային գրականութեան մակարդակի գրող մը կրնայ սեպուիլ, այդ կը պահանջէ նաեւ համապատասխան մակարդակի վերաբերմունք։ Կը մնայ նաեւ, որ Զարեանի ծննդեան 150-ամեակը նշուի պետական չափանիշներով, այնպէս ինչպէս կը նշուին, ըսենք, Յովհաննէս Թումանեանի կամ Աւետիք Իսահակեան յոբելեանները։

Փետրուարի առաջին շաբաթը, Դիմագիրքի իմ լրահոսը լեցուած էր տարբեր անձերու կողմէ զետեղուած Կոստան Զարեանի նկարներով, ասոյթներով, անդրադարձներով անոր մասին։ Ցայտուն ու խանդավառող նշան մը, որ Զարեան այլեւս հին ժամանակներու նման մոռցուած ու լռութեան մատնուած չէ։ Անոր ժառանգութիւնը արժանի է իւրացուելու եւ ճիշդ հասկցուելու։ Անոր արդիականութիւնը մեզի հաղորդ կը դարձնէ մեր ճանապարհի ուղենիշներուն։ Մնացեալը՝ մեր եւ յաջորդ սերունդներու գործն է։

«Նոր Յառաջ», 22 Փետրուար 2025




No comments:

Post a Comment