Showing posts with label Համազգային. Show all posts
Showing posts with label Համազգային. Show all posts

9.8.22

Լոյս տեսած է «Զարեան/Տառէլ» հատորը, աշխատասիրութեամբ Վարդան Մատթէոսեանի

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը ծանուցէ, թէ իր Հրատարակչական հիմնադրամի Օշական մատենաշարէն լոյս տեսած է Կոստան Զարեանի Կղզին եւ մի մարդ եւ Լօրընս Տառէլի Պրոսպերոյի կղզին գործերը պարփակող միացեալ հատորը, Զարեան/Տառէլ ընդհանուր խորագրին տակ։ 

Ընդառաջելով մատենաշարի խմբագրական խորհուրդի դիմումին, հատորին կազմութիւնը, խմբագրութիւնը եւ բոլոր ծանօթագրութիւններու պատրաստութիւնը կատարած է հանրածանօթ գրականագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որու գրական վաստակին մէջ նկատառելի տեղ կը գրաւէ Զարեանի կեանքին ու գործին ուսումնասիրութիւնը։ 

26.11.12

Ի՞նչ ընել՝ Հալէպը փրկելու համար (խորհրդաժողովի մը հետքերով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

«Ինչպիսի՞ վտանգաւոր փորձութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի հալէպահայութիւնը այսօր եւ ի՞նչ կրնայ ընել մասնաւորաբար մտաւորականութիւնը՝ տագնապը կամ աղէտը շրջանցելու համար»։
Առաւելաբար ա՚յս հարցումին է որ պատասխան մը փորձեցին գտնել այն յիսուն հրաւիրեալները, որոնք համախմբուեցան Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2012-ին։

7.10.11

Բախտաւո՜ր... պանդուխտներս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Իսկապէս բախտաւորներ էինք, Սեպտեմբեր 10-11 շաբաթավերջին, Լաւալի Հայ Կեդրոնին մէջ, «Մշակոյթը՝ պանդուխտ» բնաբանով հայագիտական լսարանին մասնակցողներս։ Բախտաւոր՝ որովհետեւ տակաւին կա՛ն կազմակերպութիւններ, այս պարագային՝ Համազգայինը («Սանահին» մասնաճիւղի իր հայագիտական յանձնախումբով), որ նման նախաձեռնութիւններ կ՚առնեն. բախտաւոր, որ ինը մտաւորականներ կամ արուեստագէտներ, մէ՛կը միայն դուրսէն հրաւիրուած՝ հանգամանօրէն պիտի ներկայացնէին իրենց նիւթը, եւ տասներորդ մըն ալ՝ վարելու լսարանը, ու առիթ տային լսարանի մասնակիցներուն ոչ միայն նոր գիտելիքներով հարստանալու, այլեւ իրենց ներդրումը ունենալու՝ բիւրեղացնելու համար մշակոյթի ու պանդխտութեան առնչութիւններուն մասին իրենց ըմբռնումներն ու պատկերացումները. տակաւին բախտաւոր, որ ազնիւ ազգայիններ նիւթապէս սատար կը կանգնէին նման նախաձեռնութեան մը, որպէսզի կազմակերպիչները կարենային կատարել պարտն ու պատշաճը։