ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
1966 թուականի Յունուարին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական
ամսագիրը «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ» խորագիրին տակ կը ծանուցանէր
հետեւեալը.
«Հիւսիսային Ամերիկայի հայ պատուական ազգայիններէն տիար Գէորգ Թօփալեան
(գրական անունով՝ Գ. Մելիտինեցի) եւ իր կինը՝ ազնուափայլ տիկին Նարդուհի,
հաստատած են գրական մրցանակ մը հետեւեալ տրամադրութիւններով եւ
առաջադրութիւններով» (տե՛ս «Հասկ», 1966, էջ 25):