Showing posts with label պոլսահայ գրականութիւն. Show all posts
Showing posts with label պոլսահայ գրականութիւն. Show all posts

23.12.16

Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 90ամեակը տօնուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ


Նիւ Եորքի Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան (ԷԿՍՄ) կողմէ Զարեհ Խրախունիի (բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան) ծննդեան 90ամեակին առթիւ կազմակերպուած գրական ձեռնարկը փառաւոր հանդիսութեամբ մը տօնուեցաւ մշակութասէր խուռներամ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, Լիտլ Նէքի Հայոց Միութեան «Յարութիւնեան» սրահին մէջ, Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016ին:
Յայտագիրը սկսաւ ԷԿՍՄ ատենապետ Արթօ Խրիմեանի ողջոյնի խօսքով, որուն ընթացքին ան նշեց որ Զ. Խրախունիի մանչը՝ Յարօ Ճիւմպիւշեան, որ Զուիցերիա կը բնակի, անակնկալօրէն Նիւ Եորք ժամանած էր այդ հանդիսւթեան ներկայ ըլլալու համար: Նաեւ Խրախունիի թոռնիկը Անի Համբարձումեան, որ Գօլումպիա Համալսարանի իրաւագիտութեան ճիւղին վերջընթեր տարեշրջանին կ'աշակերտէ, իր մօրեղբօր՝ Յարոյի քով նստած էր որպէս պատուիրակ իր մօր՝ Նորայի եւ մեծ մօր՝ Մառլէնի:

5.9.16

Ռ. Հատտէճեան – 90. առաստաղէն դէպի առաստաղին միւս կողմը

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Հոն` Վոսփորի ափին,Պոլիս, կայ հայու սիրտ մը, որ հեւքով ու աշխուժով կը տրոփէ 90 տարիէ ի վեր:
Սիրտ մը, որուն բաբախումները կ՛արագանան կամ կը դանդաղին` ըստ հայ կեանքի ելեւէջներուն, ըստ մեր ժողովուրդին խանդավառութիւններուն կամ տագնապներուն, ըստ մեր մշակութային ձեռքբերումներուն կամ տոհմային ընկրկումներուն:
Սիրտ մը, որ երբ 10 տարի առաջ (2006) վիրահատութեան ենթարկուեցաւ, վիրաբոյժները զարմանքով նշմարեցին, որ անոր մաշած դռնակին տակ բոյն դրած էին հայոց այբուբենին 38 տառերը…
Ռ. Հատտէճեանին սի՜րտը…

3.2.16

Հատտէճեանի երկխօսութեան ժամանակը

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
 
Մի ամբողջ դարաշրջան է ընդգրկում Ռոպէր Հատտէճեանի ապրած կեանքը: Նրանով կարելի է կազմել արեւմտահայ բնօրրանում ազգային կեցութիւն եւ նկարագիր պահած-շահած ժողովրդի պարզ ու բարդ կենսագրութիւնը: Նրա հոգեաշխարհը ձեւաւորուեց անցեալ դարի ճիշդ կէսից՝ յիսունականներից: Այսօր, արդէն վաթսուն եւ աւելի տարիներ, նա՛ է ձեւաւորում Պոլսոյ ազգային գրամշակութային եւ ընկերային կեանքի շնչառութիւնը: