Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ԱՄՆի Շրջ. Վարչութիւնը յայտարարած է «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 տարեշրջանի մրցանակի արդիւնքը։ Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի եւ իր կողակիցին` հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Մրցոյթին բազմազան գրութիւններու ընդմէջէն անդամներուն մեծամասնութեան ձայնով դատական կազմը, երկար խորհդակցութիւններէ ետք, մեծ դժուարութեամբ որոշեց հայերէնի մրցանակը յատկացնել Քարին Չթճեան Փրեսթիի «Աստղիկը կ՛ուզէ արագ մեծնալ» մանկական նկարազարդ գիրքին, իսկ անգլերէն մրցանակը՝ Լօլա Գունտաքճեանի երկլեզու (անգլերէն եւ սպաներէն) բանաստեղծական հատորին՝ "The moon in the cusp of my hand"։
Դատական կազմի անդամներն են՝ դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), դոկտ.
Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Կարէն Ջալլաթեան
(Գալիֆորնիա), Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ) եւ դոկտ. Միրնա Տուզճեան
(Գալիֆորնիա):