20.10.21

Համազգայինի «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 թուականի մրցանակ

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ԱՄՆի Շրջ. Վարչութիւնը յայտարարած է «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 տարեշրջանի մրցանակի արդիւնքը։ Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի եւ իր կողակիցին` հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:

Մրցոյթին բազմազան գրութիւններու ընդմէջէն անդամներուն մեծամասնութեան ձայնով դատական կազմը, երկար խորհդակցութիւններէ ետք, մեծ դժուարութեամբ որոշեց հայերէնի մրցանակը յատկացնել Քարին Չթճեան Փրեսթիի «Աստղիկը կ՛ուզէ արագ մեծնալ» մանկական նկարազարդ գիրքին, իսկ անգլերէն մրցանակը՝ Լօլա Գունտաքճեանի երկլեզու (անգլերէն եւ սպաներէն) բանաստեղծական հատորին՝ "The moon in the cusp of my hand"։

Դատական կազմի անդամներն են՝ դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Կարէն Ջալլաթեան (Գալիֆորնիա), Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ) եւ դոկտ. Միրնա Տուզճեան (Գալիֆորնիա):

Դատական կազմը «Աստղիկը կ՛ուզէ արագ մեծնալ» մանկապատանեկան գործը նկատեց այժմէական եւ սրամիտ ու մեծապէս քաջալերելի, նկատի ունենալով կարիքը նման գրականութեան, իսկ Լօլա Գունտաքճեանի երկլեզու երկը գնահատեց իր իւրայատկութեամբ՝ բանաստեղծի ներաշխարհի պատկերաւոր արտայայտման ձեւի հարազատութեան համար։

Դոկտ. Քարին Չթճեան Փրեսթի երաժշտութեան դասախօս է UCLAի մէջ, ինչպէս եւ մանկավարժ, յօրինող, մեկնաբան եւ կատարողական արուեստի մասնագէտ։ Ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ եւ յօրինումներ, եւ ստացած է զանազան մրցանակներ։

Բանաստեղծ, արուեստագէտ, խմբագիր Լօլա Գունտաքճեան (Նիւ Եորք) հիմնադիրն է Հայ Բանաստեղծութեան Ցանցին եւ ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ։ Վկայուելէ ետք մագիստրոսի տիտղոսով «Գոլումպիա» համալսարանէն, ան մասնակցած է բազմաթիւ համագումարներու եւ իր գիտական ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են համագումարներու զեկոյցներուն մէջ։ 

Մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկա բնակող հեղինակներու: Այս մրցանակին միջոցով, Համազգայինի հիմնական նպատակն է քաջալերել եւ լայն հանրութեան ծանօթացնել հայերէնով կամ հայկական նիւթերու մասին գրող հեղինակներու։


No comments:

Post a Comment