ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ («Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 4), Ժ.Չ. կը
տեղեկացնէր Մեծ Եղեռնի յիշատակին նուիրուած ու ռումանական Փիթէշթի քաղաքը
տեղադրուած խաչքարին բացումը, որ տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 27ին։ Բացման արարողութիւնը
զուգադիպած է «Ա. Աշխարհամարտը եւ անոր ազդեցութիւնը հայ սփիւռքի կազմաւորման
վրայ» համաժողովին (Պուքրէշ, Սեպտեմբեր 26-28)։