Showing posts with label Քոպանի. Show all posts
Showing posts with label Քոպանի. Show all posts

13.10.14

Քոպանի կամ ո՞վ պիտի վճարէ քրտական արեան դիմաց


ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Ինչ որ կը կատարուի Քոպանիի մէջ, կարեւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն սուրիական պատերազմի յառաջիկայ զարգացումներուն, այլ յատկապէս մինչեւ հիմա Սուրիոյ պատերազմին հանգիստ աչքերով դիտող Թուրքիոյ վրայ: ISIS, Քոպանին գրաւելով, ոչ միայն նպատակ ունի Թուրքիոյ հետ սահմանային շրջան ապահովել, այլ նաեւ քիւրտերը հարուածել: Այստեղ է, որ ISIS-ի եւ Թուրքիոյ շահերը կը յայտնուին նոյն կէտին վրայ: Միտումնաւոր կամ ոչ, արդէն երկրորդական է: Փաստ է նաեւ, որ Թուրքիա բնաւ անհանգիստ չէ (բացի ձեւական յայտարարութիւններէ) իր սահմաններուն ISIS-ի մօտենալէն: Թուրքիոյ իշխանութինները լաւ գիտեն, որ քիւրտերուն հետ կատարուածը եւ անոնց պահուածքը մեղուի պարսը խառնելու կը նմանի, ու ամէն օր նոր ծաւալներու հասնող բողոքի գործողութիւնները կրնան հասնիլ մինչեւ եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներ: