Showing posts with label Պաշար ալ-Ասատ. Show all posts
Showing posts with label Պաշար ալ-Ասատ. Show all posts

7.2.14

Արդեօք Պաշար ալ-Ասատ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցա՞ծ է

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ



Ինչպէս յայտնի է, վերջերս ֆրանսական լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատ բաղդատած էր Մեծ Եղեռնը եւ Սուրիոյ անմեղ քաղաքացիներու վայրագ սպանութիւնը օտար զինեալներու կողմէ. «Առաւել մօտ ժամանակաշրջանի մէջ անոնք մեզ կը յիշեցնեն օսմանցիներու կողմէն հայերուն դէմ իրականացուած զանգուածային ջարդերը, երբ Սուրիոյ մէջ եւ Թուրքիոյ տարածքին սպաննուեցան մէկ ու կէս միլիոն հայեր ու կէս միլիոն ուղղափառ ասորիներ»:
Իր վերջին անգլերէն շաբաթական սիւնակին մէջ («Ասպարէզ», Յունուար 29, 2014. «Արմինիըն Ուիքլի», Փետրուար 1, 2014. հայերէն թարգմանութիւնը տե՛ս www.yerakouyn.com, Յունուար 29, 2014), ամերիկահայ հրապարակագիր Յարութ Սասունեանը խորհրդածած է այս յայտարարութեան մասին. «Առաջին անգամն է, որ սուրիական պետութեան ոեւէ ղեկավար կ’ընդունի հայկական զանգուածային սպանութիւնները եւ յանցաւոր կը ճանչնայ Օսմանեան Թուրքիան»: Թերեւս առաջին անգամ ըլլայ, թերեւս ոչ։ Կ՚արժէ պրպտել, եթէ այդ պրպտումը կատարուած չէ արդէն, թէ Սուրիոյ անկախութենէն ի վեր (1946), սուրիացի որեւէ նախագահ «հայկական», «ջարդ» եւ «Թուրքիա» բառերը քով-քովի չէ՞ դրած նոյն պարբերութեան մէջ։

21.2.12

Սիրիան քաոսի նախաշեմին

ՎԱՀԷ ԲՕՅԱՋԵԱՆ
 
Սիրիայում ընթացող զարգացումների համատեքստում սիրիահայ համայնքի եւ նրա առջեւ ծառացած մարտահրաւէրների հետազօտութեանն է նուիրուած վերջերս ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ինստիտուտի եւ Սփիւռքի նախարարութեան համատեղ ջանքերով հրատարակուած «Սիրիայի հայ համայնքը. արդի հիմնախնդիրներ» ուսումնասիրութիւնը:
Գրքի հեղինակներն են Արեւելագիտութեան ինստիտուտի արաբական երկրների բաժնի գիտաշխատողներ պ.գ.թ. դոցենտ Արաքս Փաշայեանը եւ պ.գ.թ. դոցենտ Լիլիթ Յարութիւնեանը, որոնց հետ զրուցել ենք: