Showing posts with label Յարութ Սասունեան. Show all posts
Showing posts with label Յարութ Սասունեան. Show all posts

7.2.14

Արդեօք Պաշար ալ-Ասատ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցա՞ծ է

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ



Ինչպէս յայտնի է, վերջերս ֆրանսական լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատ բաղդատած էր Մեծ Եղեռնը եւ Սուրիոյ անմեղ քաղաքացիներու վայրագ սպանութիւնը օտար զինեալներու կողմէ. «Առաւել մօտ ժամանակաշրջանի մէջ անոնք մեզ կը յիշեցնեն օսմանցիներու կողմէն հայերուն դէմ իրականացուած զանգուածային ջարդերը, երբ Սուրիոյ մէջ եւ Թուրքիոյ տարածքին սպաննուեցան մէկ ու կէս միլիոն հայեր ու կէս միլիոն ուղղափառ ասորիներ»:
Իր վերջին անգլերէն շաբաթական սիւնակին մէջ («Ասպարէզ», Յունուար 29, 2014. «Արմինիըն Ուիքլի», Փետրուար 1, 2014. հայերէն թարգմանութիւնը տե՛ս www.yerakouyn.com, Յունուար 29, 2014), ամերիկահայ հրապարակագիր Յարութ Սասունեանը խորհրդածած է այս յայտարարութեան մասին. «Առաջին անգամն է, որ սուրիական պետութեան ոեւէ ղեկավար կընդունի հայկական զանգուածային սպանութիւնները եւ յանցաւոր կը ճանչնայ Օսմանեան Թուրքիան»: Թերեւս առաջին անգամ ըլլայ, թերեւս ոչ։ Կ՚արժէ պրպտել, եթէ այդ պրպտումը կատարուած չէ արդէն, թէ Սուրիոյ անկախութենէն ի վեր (1946), սուրիացի որեւէ նախագահ «հայկական», «ջարդ» եւ «Թուրքիա» բառերը քով-քովի չէ՞ դրած նոյն պարբերութեան մէջ։

6.10.12

Արդէն ժամանակը հասած է



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ամերիկայի նախագահական ընտրապայքարը մտած է իր վճռական փուլին մէջ։ Արդէն ժամանակը հասած է, որպէսզի ժողովրդային քուէն որոշէ, թէ նախագահ Օպամա պիտի վերընտրուի՞, կա՞մ ոչ։  Թէեւ շարք մը նահանգներու մէջ արդէն սկսած է քուէարկութիւնը, ընտրութիւններու բուն ու վճռական օրը Նոյեմբեր 6ն է։