ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ
Մեր խորագիրը հաստատող օրինակներ չեն պակսած
քաղաքականութեան ստեղծման առաջին օրէն իսկ եւ այսօր ալ չեն պակսիր:
Ընդհակառակն: Այդ առումով, նորութիւն մը չենք հրամցներ այս գրութեամբ:
Բայց, երբեմն անընդունելի արտայայտութիւնները այնքան գայթակղեցուցիչ կը
դառնան, որ անկարելի կ՚ըլլայ սանձել մարդկային բնազդը, կը պայթի նոյնիսկ հայու համբերութեան հաստամաշկ «տոպրակ»ը:
Հոս, թէեւ մեր լուսարձակը պիտի չբանանք միջազգային անթիւ,
անհամար լրջագոյն իրադարձութիւններու վրայ, բայց եւ այնպէս, անոնցմէ ոմանց
անմիջական ընդմէջէն պիտի ակնարկենք ուղղակի մեզի՛, հայ ազգին վերաբերող
հարցին՝ իր հարիւրամեակը թեւակոխելու պատրաստուող ողբերգութեան նկատմամբ
ցուցաբերուող անարգ կեցուածքին, անարդարութեան:
Հարցը կրկին կը վերաբերի հպարգելի (taboo) համազօր
«ցեղասպանութիւն» բառին: Անշո՛ւշտ, հպարգելի համազօր՝ երբ խնդիրը վերաբերի
1915ի հայոց ջարդին: Աշխարհի ղեկավարներուն մեծամասնութեան համար
անարտասանելի կը դառնայ ազգի մը բնաջնջման փորձը բնութագրող այդ եզրը, երբ
ան վերաբերի դար մը առաջ հայ ժողովուրդին ենթարկուածին:
Հայութիւնը, վերջին տասնամեակներուն, կախուած կը մնայ
յատկապէս Թուրքիոյ եւ աշխարհի ճակատագիրը սահմանող ԱՄՆ-ու ղեկավարներու
շրթներէն, լսելու համար այդ «կախարդական» բառը, որ դուրս չի գար:
Դուրս չի գար… 1915ի համար: Բայց խնդրոյ առարկայ «ցեղասպանութիւն»ը մանրուք մը դարձած է վերոնշեալ երկու երկիրներու
ղեկավարներու բերնին մէջ, երբ անոնք կը խօսին աշխարհս յուզող մերօրեայ այլ
ողբերգութիւններու մասին: Պիտի խուսափինք մարդկային ցաւերը համեմատելու,
մե՛ր ապրածն ու միւսներունը նժարի վրայ դնելու ոչ շատ բարոյական
փորձութենէն:
Բայց, ինչպէ՞ս համակերպիլ Կազայի պաղեստինցիներու կամ
Իրաքի փոքրամասնութիւններու ողբերգութիւններուն՝ այդ նոյն ղեկավարներուն
կողմէ «աժանօրէն» ու անարժանօրէն ցեղասպանութիւն որակումի երեւոյթին:
Առաջին պարագային Էրտողան, երկրորդին ալ՝ Օպամա, ամենայն դիւրութեամբ,
իրենց սովորական բառամթերքին քով, հեզասահ կերպով ցեղասպանութիւն որակեցին
կատարուածը: Առանց որեւէ տատամսումի կամ բարդոյթի:
Հետեւութիւնը պարզ կը դառնայ մեզի համար: Կա՛մ
«ցեղասպանութիւն» եզրը այսպէս արժեզրկուելով իր հետ պիտի արժեզրկէ (եթէ
արդէն չէ կատարուած) նաեւ մեր պարագան եւ իմաստազուրկ ու անկարելի պիտի
դարձնէ այդ ճանաչումին հիման վրայ նախատեսուած քայլերը, կամ ալ դեռ հոդ
չհասած, մենք պէտք է հրաժարինք եզրերու այլեւս անհեթեթ դարձած այս պայքարէն
եւ մեր ուժերը կեդրոնացնենք աւելի շօշափելի եւ հեռատես քայլերու վրայ:
Նոյնիսկ եթէ ուշ մնացած ենք, գոնէ այսօր պէտք է անդրադառնանք, որ տարիներէ ի
վեր ի զուր ուժ, կորով վատներ ենք ի սէր այսօր «փուչիկ»ի համազօր դարձած
այդ բառին —իր սկզբնական ազնիւ նպատակին նկատմամբ պահպանելով հանդերձ մեր
ամբողջական յարգանքը—, եւ գիտակցինք, որ ժամանակը եկած ու անցած է դիմելու
աւելի շօշափելի քայլերու, որոնք կրնան անցնիլ, բացառաբար, միջազգային
իրաւունքի հարթակէն: …Եւ ոչ թէ այսինչին կամ այնինչին շրթներէն մեզի
զլացուող տարազումներէն:
***
«Ուաշինկթըն սկսած է ռմբակոծել Իսլամական Պետութեան ամէն
օր նոր յառաջխաղացք արձանագրող քաղաքազօրքերը, Իրաքի մէջ… Վերջիններուս
կողմէ հալածուող անմեղ քաղաքացիներ "կ՚ապաստանին" Սուրիա»…: Այո՛, Սուրիա,
ուր քաղաքացիական պատերազմ սարքեցին աւելի քան երեք տարի առաջ:
Օգոստոսեան այս լուրերը ինքնին բաւական խօսուն են, չէ՞: Որո՞նց կը պարտինք այս զարգացումները: Որոնցմէ՞ էին մեր ակնկալութիւնները…
(Յատուկ «Հայկականք»ի համար)
No comments:
Post a Comment