Showing posts with label քիւրտեր. Show all posts
Showing posts with label քիւրտեր. Show all posts

1.3.16

Նոյն սպառնալիքը՝ 101 տարի անց

 ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Վարչապետ Ա․ Տավութօղլու անպատասխանատու, միաժամանակ անբախտ յայտարարութիւն մը կատարեց Պինկէօլի մէջ։ Ակնարկելով ՀՏՓ-ին՝ ըսաւ հետեւեալը․ «Հայկական հրոսակախումբերու նման կը գործակցին ռուսերուն հետ»։
Խօսքի ազատութեան եւ մամուլի սեղմումները, քաղաքացիներու նոյնիսկ ապրելու տարրական իրաւունքին դէմ իրականացուող բռնարարքները, հետզհետէ միահեծան, անսանձ տիրապետութիւն մը հաստատելու փորձերը արդէն իսկ բաւարար հիմքեր կը ստեղծէին ԱՔՓ-ն համեմատելի դարձնելու համար Իթթիհատ եւ Թերաքքիի հետ։ Տավութօղլուի այս յայտարարութիւնն ալ կու գայ ահա պսակելու այդ բոլորը եւ ա՛լ աւելի համարձակութիւն տալու անոնց, որոնք արդարօրէն ձախաւեր Իթթիհատ մը կը տեսնեն ԱՔՓ-ի մէջ։

13.10.14

Քոպանի կամ ո՞վ պիտի վճարէ քրտական արեան դիմաց


ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Ինչ որ կը կատարուի Քոպանիի մէջ, կարեւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն սուրիական պատերազմի յառաջիկայ զարգացումներուն, այլ յատկապէս մինչեւ հիմա Սուրիոյ պատերազմին հանգիստ աչքերով դիտող Թուրքիոյ վրայ: ISIS, Քոպանին գրաւելով, ոչ միայն նպատակ ունի Թուրքիոյ հետ սահմանային շրջան ապահովել, այլ նաեւ քիւրտերը հարուածել: Այստեղ է, որ ISIS-ի եւ Թուրքիոյ շահերը կը յայտնուին նոյն կէտին վրայ: Միտումնաւոր կամ ոչ, արդէն երկրորդական է: Փաստ է նաեւ, որ Թուրքիա բնաւ անհանգիստ չէ (բացի ձեւական յայտարարութիւններէ) իր սահմաններուն ISIS-ի մօտենալէն: Թուրքիոյ իշխանութինները լաւ գիտեն, որ քիւրտերուն հետ կատարուածը եւ անոնց պահուածքը մեղուի պարսը խառնելու կը նմանի, ու ամէն օր նոր ծաւալներու հասնող բողոքի գործողութիւնները կրնան հասնիլ մինչեւ եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներ:

6.2.14

Անգարայի ձեռագիրն ու Օճալանի ստորագրութիւնը

«Ա.»









ՔԱԿ-ի արգելափակեալ ղեկավար Ապտիւլլահ Օճալանի նամակը, ուղղուած` հայ ժողովուրդին, պարզագոյն բանաձեւումով խառն ուղերձներ (mixed messages) կը փոխանցէ ընթերցողին:
Նախ կարելի չէ անտեսել այն երեւոյթը, որ միեւնոյն կուսակցութեան ղեկավարներէն Պեսէ Հոզաթ հայկական լոպին մեղադրած էր Թուրքիոյ ուրուական պետութիւններէն մէկը ըլլալու յանցանքով, որուն հերքումի ձեւով մեկնաբանուեցաւ Օճալանի նամակը: Խառն ուղերձի տրամաբանութեան մէջ կ՚իյնայ սկսելու համար նամակի այն բաժինը, ուր քիւրտ ղեկավարը հայ ժողովուրդին  համեստաբար կ՛առաջարկէր, որ առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով «մեր ժողովուրդները տակաւին դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակադրող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամտութենէն»: Եւ եթէ նամակի բովանդակութեան բնութագիրը ընդհանուր առումով խառն պատգամներով կարելի է բնորոշել, ապա այստեղ արդէն գրեթէ միանշանակ կը դառնայ հայութեան պայքարը ապալոպիիստականացնելու (*) կոչը:

24.12.13

Նախնիք

ԱՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ
Թարգմանութիւն՝ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Ընդունինք, որ թուրքերս բան «հնարել»ու շատ կարողութիւն չունինք, բայց լաւ կը «յարմարցնենք»:
Թերեւս ալ այդ պատճառով է, որ ամենէն կոկոզաբանները ամենէն բարձր դիրքերու վրայ կը զետեղենք. թերեւս նոյնիսկ կը կարծենք, որ քաղաքականութիւնը «յարմարցնելու» մրցում է:
Մեր ամենէն լաւ «յարմարցուցած»ներուն մէջ Պատմութիւնը անկասկած առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ:

10.12.13

Իշխան Չիֆթճեան. «Իրականութեան մէջ, որքանով որ Ցեղասպանութիւնը "մեր" նիւթն է, նոյնքան ալ "իրենց" նիւթն է»

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
 
Իշխան Չիֆթճեան ծնած է Պէյրութ: Յաճախած է Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարանն ու Ազգային Սուրէն Խանամիրեան երկրորդական վարժարանը: Աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: Խմբագրած է կաթողիկոսարանի «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքը: Աւարտած է Լայփցիկի համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքը (Գերմանիա): Տոքթորական աւարտաճառը կը պատրաստէ նոյն համալսարանի փիլիսոփայական բաժանմունքին մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին ու կը դասաւանդէ Համպուրկի համալսարանէն ներս: Չիֆթճեան «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի կազմակերպած «Իսլամաց(ու)ած հայեր» խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ «Իսլամացումը իբրեւ վերապրումի եւ/կամ անհետացման միջոց» խորագիրը կրող զեկուցումով մը:

28.10.13

Արա Սարաֆեան. «Պէտք է Թուրքիոյ մէջ ապահովենք Սփիւռքի ներկայութիւնը»

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
Հարցում - Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէնն էք։ Ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ «Կոմիտաս» հիմնարկը։
Արա Սարաֆեան - Միացեալ Նահանգներու մէջ աշակերտական խմբակ մը ունէինք եւ կ՚ուզէինք Սուրէն Աբրահամեանի յուշերը տպագրել եւ երբ գիրքը պատրաստուեցաւ հիմնեցինք «Կոմիտաս» հիմնարկը ու հրատարակեցինք հատորը։ Այնուհետեւ նկատի ունենալով հիմնարկի յաջողութիւնները իմ նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերագրական փաստաթուղթերու շարք մըն ալ հրատարակեցինք (Մորկընթաուի օրագրութիւնը, եւայլն) եւ կամաց-կամաց ընդարձակուեցաւ աշխատանքը։ Հրատարակած ենք օրինակ Մարկ Նշանեանի կամ Ռիթա Սիւլահեանի գործերը…։ Ժամանակի ընթացքին պզտիկ գումար մըն ալ ապահովելով կրցանք գոցել մեր ծախսերը։ Հիմնարկի կազմակերպչական կորիզը իմ հսկողութեամբ հոս՝ Լոնտոն կը գտնուի եւ պետութեան մօտ պատասխանատուն ես եմ։