ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ամերիկայի
նախագահական ընտրապայքարը մտած է իր վճռական փուլին մէջ։ Արդէն ժամանակը հասած է, որպէսզի
ժողովրդային քուէն որոշէ, թէ նախագահ Օպամա պիտի վերընտրուի՞, կա՞մ ոչ։ Թէեւ շարք մը նահանգներու մէջ արդէն սկսած է քուէարկութիւնը,
ընտրութիւններու բուն ու վճռական օրը Նոյեմբեր 6ն է։