8.9.14

Հրատարակուած եւ չհրատարակուած գիրքերու մասին

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Վերջին քանի մը տարիներուն Երեւանի, եւ որոշ չափով ալ Սփիւռքի այլեւայլ գաղութներուն մէջ թափ առած է հրատարակչական այնպիսի գործունէութիւն մը, որուն ի տես մարդ միայն կրնայ հրճուանք եւ հպարտութիւն ապրիլ, մանաւանդ երբ նկատի առնենք այդ հրատարակութիւններուն գեղարուեստական որակըՙ ձեւաւորում եւ թուղթի որակ, որոնք գիրքը նաեւ արուեստի գործի մը կը վերածենՙ հաճոյ դիտելու թէ ափերուն մէջ ունենալու համար:

Այս հրատարակութիւններուն մէջ իրապէս գնահատելի է եւ կարեւոր տեղ կը գրաւէ թարգմանական գրականութիւնը, ինչպէս օրինակ «Անտարէս» հրատարակչատան լոյս ընծայած թարգմանութիւնները, մանաւանդ անոնք, որոնք անցեալ երկու դարերուն արգիլուած եղած են տարբեր պատճառներովՙ ընդհանրապէս «թաբու» նիւթերու շուրջ հիւսուած ըլլալու ամբաստանութեամբ:
Սակայն ինչպէս գրեթէ բոլոր երեւոյթները, այստեղ ալ «բայց» մը ինքզինք կը յուշէ, հաստատելով վարկածը, թէ «կատարեալ բան չկայ կեանքին մէջ»: Իրապէ՛ս քիչ մը յուսախաբութիւն պատճառող «բայց» մըն է ասիկա, որովհետեւ ...
Զանազան են պատճառները: Եթէ այստեղ թուեմ կարգ մը հեղինակներու անուններ, թերեւս կարելի ըլլայ «գուշակել» այդ պատճառներըՙ Ինտրա («Հովին Ձայնը» Ա. Եւ Բ. հատոր), Գր. Պըլտեան (վիպաշարք հինգ եւ աւելի հատորներով), Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակութիւններէն Թովմա Աքուինացւոյ կամ միջնադարեան սքոլասթիքներու երկերը եւ այլն:
Երբ մէկը իր բարեկամին կ՛առաջարկէ Ինտրայի նոր լոյս տեսած այս երկու հատորները կարդալ, մարդը ետ կը հրէ առաջարկութիւնըՙ «գիժ էր, ուզում ես նրա գժութիւննե՞րը կարդամ» ըսելով: Երբ Գրիգոր Պըլտեանի վէպերուն մասին կը հարցնես, «բայց ո՞վ է ան» հարց կու տան: Իսկ Աքուինացիի անունը, որ ընդհանրապէս լսուած չէ, քիչ բան կ՛ըսէ «պոտենցիալ» ընթերցողին:
(Թող ներողամիտ ըլլան բոլոր ընթերցասէր, գրքասէր եւ զարգացած մարդիկը, որոնք երեւոյթի մը բացառութիւնները կը կազմեն. մեր խօսքը ընդհանուրին մասին է):
Այս բոլորը անշուշտ կարելի չէ նկատի առնել գիրքի մը հրատարակութիւնը կամ մանաւանդ վերահրատարակութիւնը որոշելու պարագային. բայց երբ նուազագոյն հինգ հարիւր օրինակով լոյս կը տեսնեն այս հատորները, յետոյ կը մնան գրախանութներու մէջ համբերութեամբ իրենց ճակատագրին սպասելով, չես կրնար հարց չտալՙ արդարացուա՞ծ է արդեօք անոնց հրատարակութեան ծախսը, մանաւանդ երբ անոնց գինը այնքան սուղ է, որ ընթերցողը ընդհանրապէս միջակ դասակարգի մարդ չի կրնար գնել: Գոնէ գինը այնպէս մը որոշուէր, որ մարդիկ անվարան գնէին, կարդային եւ առիթ ունենային քննարկելու:
Անշո՛ւշտ կայ որոշ թիւ մը ա՛յս տեսակի գիրքերու ընթերցողներուն, որոնք տա՞սն են, քսա՞ն, յիսո՞ւն: Այդ տասը-քսանը-յիսունը եթէ ուզէին ա՛յս գիրքերը կարդալ, պիտի գտնէի՞ն զանոնք, եթէ այս նոր հրատարակութիւնները չըլլային:
Անշո՛ւշտ, փնտռողը անպայման կը գտնէ:
Կը յիշեմ վիճակս Հալէպի մէջ, երբ որեւէ թերթէ գրախօսական մը կարդայի, գիտէի որ միջոց պիտի չունենամ այդ գիրքը գտնել-կարդալու: Բայց անխիպ կերպով կը խնդրէի տարբեր երկիրներ բնակող բարեկամներէս, կ՛աղաչէի որ բարի ըլլան այս կամ այն գիրքը ղրկել, կը հետապնդէիՙ եթէ չընդառաջէին, եւ ընդհանրապէս կ՛ունենայի, կը կարդայի, եւ որպէս շնորհակալութիւն բարեկամներուս, գրախօսականներ կը գրէի այդ գիրքերուն մասին: Այսպէս է, որ գրադարանս հարստացաւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ լոյս տեսած գիրքերով, աղուոր հաւաքածոյ մը, զոր «հոն» մնաց, սրտիս ցաւ պատճառելով:
Այս առիթով կարելի չէ չյիշել տարիներ առաջ Երեւանի մէջ հրատարակուած գիրքերուն իրապէս մեծ եւ մեծապէս տպաւորիչ տպաքանակը, որ այսօր իսկ կրնայ զարմանք առթել աշխարհի ամենէն ընթերցասէր եւ առատ գիրք հրատարակող երկիր-քաղաքին իսկ. նուազագոյն տպաքանակը այդ օրերուն հինգ հազար էր հաւանաբար, հասնելով մինչեւ հարիւր հազարիՙ կարգ մը շատ ժողովրդական եւ շատ սիրելի հեղինակներու համար: Սակայն նման տպաքանակով հրատարակուիլն ու սպառիլը տակաւին իրողապէս ընթերցուիլ կը նշանակե՞ն: Ասիկա այնպիսի երեւոյթ մըն է, որ ճիշդ այդպէս ալ մնացեր էՙ երեւոյթ, առանց լուրջ ուսումնասիրութեան կամ վիճակագրութեան:
Այս բոլորը կ՛ըսեմ պարզապէս անոր համար, որ այնքան գրագէտներ ունինքՙ վիպագիր, արձակագիր թէ բանաստեղծ, որոնց գործը ցրուած կը մնայ մամուլին մէջ, անհասանելի է, եւ որոնք - մեծ վստահութեամբ կարելի է յայտարարել արժանի են ընթերցումի (տակաւին չեմ ըսեր վերընթերցումի):
Այսպիսի հեղինակ է, օրինակ, Կարպիս Ճանճիկեան իսթամպուլահայ բանաստեղծը, որ առաջինն է նոր շրջանի իսթամպուլահայ քերթողութեան, Զահրատէն եւ Խրախունիէն առաջ:
Ճանճիկեան, որ շատ երիտասարդ մահացած է (1920-1946), ունի քերթողական երկու գրքոյկներ` «Օրէ օր» հայերէն եւ «Պալքըզ» թրքերէն լեզուներով: Այսօր արդէն անգտանելի այս երկու գրքոյկները արժանի՞ չեն վերահրատարակութեան եւ թարգմանութեան: Եթէ պատահի, որ երիտասարդ մը կարդացած ըլլայ իր սա տողերը
Դժոխքը կրակներու մէջ է կ՛ըսեն
Մենք կրակը տաքնալու
Կերակուր եփելու
Եւ արդուկելու համար կը դնենք
Կ՛ըսեն թէ բոլոր մեղաւորները
Դժոխք պիտի երթան
Սուտ է
................................
Սուտ են
Ամէնքն ալ սուտ կը խօսին
Ես մինակ մամայիս խօսքին կը հաւատամ
Մամաս բնաւ սուտ չի խօսիր
Եւ ամէն օր խօսք մը կ՛ընէՙ
Դժոխքը մեր տունն է տղաս
եւ յետոյ այս վաղամեռիկ բանաստեղծին ամբողջ գործը ուզէ կարդալ, ո՞ւր պիտի գտնէ:
Նոյնն է պարագան Զաւէն Պիպեռեանին, որուն «բախտաւոր» գործը իր «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպն է, մինչ իր մնացեալ գործերըՙ «Լկրտածը» վէպը, «Ծովը» պատմուածքներու հաւաքածոն, թարգմանական վաստակն ու մամուլին մէջ ցրուած յօդուածները կը սպասեն լոյսին գալու:
Հետեւաբար կը մնայ հարցումներուն գլխաւորըՙ ինչո՞ւ վերահրատարակել գիրքեր, որոնք գտանելի են գրադարաններու թէ անհատական հաւաքածոներու մէջ, ինչո՞ւ չմտածել լոյսին բերել մեր քսաներորդ դարու կամ ժամանակակից գրականութեան կարեւոր անունները, եւ յետոյ անխիպօրէն այպանել, թէ «լաւ գրող չունինք», կամ «հետաքրքրական չէ մեր ժամանակակից գրականութիւնը» կամ «մեր կեանքը պատկերող գրականութիւն չունինք» եւ այլն, մանաւանդ սփիւռքահայ գրականութեան պարագային, որուն գրեթէ բոլոր անունները անծանօթ են հայրենի ընթերցողին:
Մեզի կը թուի, թէ այստեղ գլխաւորաբար դեր ունի անկոխ ուղիներէ քալելու դժուարութիւնը, նոր կամ ոչ շատ ծանօթ հեղինակներու գործերէն ընտրութիւններ կատարելու եւ յետոյ այդ գործերը խմբագրելու առումներով: Ապա թէ ոչ շատ հեշտ է արդէն հրատարակուած հեղինակի մը գործը վերահրատարակել, քանի մը էջ «յառաջաբան» գրել եւ յետոյ մեծապէս գոհանալ «բացառիկ» գործ մը ըրած ըլլալու համոզումով:
Տակաւին որքա՜ն մեծ է թիւը տեսական թէ քննական այն յօդուածներուն, որոնք այսօր իսկ մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի կարդացուէին, եթէ միայն մէկը յանձն առնէր կրել այն տաժանակիր աշխատանքը, որ մամուլի հսկայ տարածութիւնը խուզարկել, գտնել ապա եւ խմբագրել կը նշանակէ:
Միայն նման պարագաներու է, որ հրատարակուած գիրքերը կը սպառին, հասնելով ընթերցողներու մեծ թիւի մը որ խորքին մէջ հրատարկութեան մը գլխաւոր, գրեթէ միակ նպատակը պէտք է ըլլայ այլ եւ հրատարակիչներուն եւ խմբագիրներուն կրնան պարգեւել իրենց ցանկացած գոհունակութիւնը: Այլապէս ե՛ւ նիւթականը, ե՛ւ ճիգը պիտի մնան «ձայն բարբառոյ յանապատի», ի զուր մսխուած հարստութիւններ:

«Ազգ-Մշակոյթ», Սեպտեմբեր 5, 2014

No comments:

Post a Comment