Երեւանի «Յովհաննիսեան» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ լոյս տեսաւ ֆրանսահայ արձակագիր Զարեհ Որբունիի (Էօքսիւզեան, 1902-1980) վէպերու ժառանգութիւնը երեք հատորով ներկայացնող անդրանիկ հատորը, որ կը ներառնէ հեղինակին «Հալածուածներ» վիպաշարքին առաջին երեք վէպերը՝ «Փորձը» (Փարիզ, 1929), «Թեկնածուն» (Պէյրութ, 1967) եւ «Ասֆալթը» (Պոլիս, 1972) վէպերը: «Փորձը» վերատպուած էր Որբունիի երեւանեան հատորին մէջ (1966), բայց «Թեկնածուն» եւ «Ասֆալթը» երկրորդ հրատարակութիւն չէին ունեցած մինչեւ հիմա։