Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի «100-ամեակ»ի մատենաշարը հարստացաւ նոր հրատարակութեամբ մը։ Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» կու գայ միանալու ցարդ տպագրուած չորս հատորներուն՝ Քասիմի «Օրուան մտածումներ», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» եւ նոյն Թէքէեանի «Կեսարիա» հատորներուն։ «Ժամանակ»-ի հրատարակութեան 100-ամեակին առթիւ կը հրատարակուին հաւաքածոներէն պեղուած յօդուածներ, յօդուածաշարքեր կամ ամբողջական երկեր, որոնք նոր լոյս մը կը սփռեն անցեալին եւ ի յայտ կը բերեն արեւմտահայ հեղինակներու գրական ժառանգութենէն նոր գործեր։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label «Ժամանակ». Show all posts
Showing posts with label «Ժամանակ». Show all posts
18.10.17
5.10.16
Վահան Թէքէեանի ուրոյն ու անծանօթ «Կեսարիա»ն
Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի 100ամեակի մատենաշարը՝ «Ժամանակ-100», հարստացած է իր հերթական՝ չորրորդ հրատարակութեամբ։ Միսաք Գօչունեանի, Երուխանի ու Ռուբէն
Զարդարեանի գիրքերուն կու գայ միանալ Վահան Թէքէեանի (1878-1945)
«Կեսարիա․ երթուդարձի եւ բնակութեան օրագիր մը» հատորը (175
էջ)։ Ծանօթագրութիւններով ու յատուկ անուններու ցանկով օժտեալ
հատորին մաս կազմած են նաեւ Թէքէեանի այսպէս կոչուած կեսարական
գործերը՝ պատանեկան շրջանին գրի առած «Կաղանդը Կեսարիոյ մէջ»ը
եւ «Ս․ Կարապետ Կեսարիոյ» ու «Գիշերուան աղօթքը» քերթուածները։
Հատորը կազմած ու խմբագրած են սփիւռքահայ անուանի գրագէտ Գրիգոր
Պըլտեան ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։ «Հրաշագործ Ս․ Կարապետ»
խորագրեալ յառաջաբանին հեղինակը նոյնպէս Գրիգոր Պըլտեանն է։
Կողքը պատրաստած է արուեստագէտ Արէտ Կըճըր։
23.2.16
Ձեռնարկ՝ որ կը խոստանայ պայծառ ապագայ
ԳԱՐԻՆ ՊԱԼ
Ի՞նչ կը նշանակէ դարաւոր անցեալ ունեցող լրագրի մը ներկայացուցիչը
ըլլալ 2016 թուականին։ Հետեւելով 13 Փետրուար Շաբաթ երեկոյ
Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած
գինեձօնին, կրնանք համոզուիլ թէ «Ժամանակ»ի այժմու
հրատարակիչները լաւագոյնս պարզած են այս հարցումը։ 100
ամեակի ձօնուած մատենաշարի մը առաջին երեք գիրքերուն
նուիրուած այս գրական միջոցառումը, իր կարգին տեղի կու տայ նոր
մտորումներու։
16.2.16
Դրական արձագանգներ
Նոր Պոլսոյ այգաբացը
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ժամանակ»-ի
ընտանիքը շաբաթավերջին իսթանպուլահայութեան տեսակէտէ
կարեւոր ժամադրութիւն մը կազմակերպած էր։ «Անցեալի եւ ներկայի
խաչմերուկին» խորագրով կազմակերպուած ձեռնարկը, առաջին
հերթին, գիրքի շնորհանդէս մըն էր։ Խորքին մէջ, սակայն,
շնորհանդէսէ մը, մշակութային ձեռնարկէ մը շատ աւելին էր
կազմակերպուածը։ «Ժամանակ-100» մատենաշարէն հրատարակուած
առաջին երեք գիրքերուն ծանօթացումը առիթ հանդիսացաւ մեր
հաւաքական կեանքին տեսակէտէ շարք մը կարեւոր հանգամանքներու
քննարկման։
Դարերու միջեւ երթեւեկ
«Ժամանակ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք
գիրքերու համատեղ շնորհանդէսը շաբաթավերջին բնորոշեց
համայնքային շրջանակներուն օրակարգը։ Իսկապէս փայլուն ձեռնարկ
մըն էր այս մէկը, որ իր որակով ու մակարդակով առանձնացաւ՝
ներկան եւ անցեալը ընդելուզելով։ Այս շնորհանդէսին ընթացքին
ներկայացուեցան «Ժամանակ»-ի խմբագիր ու բանասէր Սեւան
Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած երեք գիրքեր,
որոնք վերջին շրջաններուն արժանացած են մօտիկ հետաքրքրութեան։
Այդ գիրքերն են՝ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի
(Քասիմ) «Օրուան մտածումներ (1908-1913)»ը, Երուանդ
Սրմաքէշխանլեանի (Երուխան) «Փոքր Ասիոյ մէջէն»ը եւ Ռուբէն
Զարդարեանի «Յօդուածներ»ը։ Շուրջ դար մը առաջ «Ժամանակ» օրաթերթին
մէջ լոյս տեսած յօդուածներու այս ժողովածոները թէ՛ լոյս կը սփռեն
իրենց գրի առնուած ժամանակաշրջանին վրայ եւ թէ շատ յատկանշական
զուգահեռականներ ունին մեր արդի ժամանակի օրակարգին հետ։ Այս
հանգամանքը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ այս գիրքերուն
արժէքը, իսկ Շաբաթ, 13 Փետրուարի օձեռնարկը դարերու միջեւ երթեւեկելու
հնարաւորութիւն ընձեռեց գինեձօնի հաւաքոյթի
մասնակիցներուն։ Արդարեւ, յիշեալ գիրքերը արժեւորելու, անոնց
վերաբերեալ գրասէրներուն մեկնաբանութիւններ փոխանցելու
համար համախմբուած էին հեղինակաւոր մտաւորականներ, որոնք
իսկապէս արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսը ու շատ
ամբողջական պատկերացում մը ստեղծել յաջողեցան թէ՛ այդ երեք
գիրքերուն եւ թէ անոնց բովանդակութեան մէջ արծարծուած զանազան
նիւթերուն շուրջ։
Հիւրերով շաբաթավերջ
Այսօր՝ 13 Փետրուար, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի կ՚ունենայ
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերու համատեղ
շնորհանդէսը։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, յետմիջօրէի ժամերուն կ՚իրականանայ
ձեռնարկը, որու առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը կ՚անցընէ հիւրերով շաբաթավերջ
մը։
13.2.16
Որոնումներ եւ պատուհաններ
Ներկան կը փոխուի շարունակ, որովհետեւ դատապարտուած է
ակնթարթի մը մէջ դառնալու անցեալ։ Միակ բան մը անփոփոխ է իր
պարագային. ներկան միշտ անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին է…
Մարդիկ, աշխարհ տեւականօրէն իրենց ետին կը թողուն ներկան եւ
իւրաքանչիւր քայլափոխին կը դիմաւորեն նո՛ր ներկայ մը եւ ամէն
անգամ կը յայտնուին խաչմերուկի մը առջեւ, ուր կը դիրքաւորուին
անցեալի եւ ապագայի միջեւ։ Եւ այսպէս շարունակաբար…
Երեւոյթը, ինչ խօսք, ընթացիկ է, միանշանակ, բայց կան
հանգամանքներ կամ նրբութիւններ, որոնք կը կանխեն անոր
միապաղաղութեան սահմաններուն հասնիլը։ Սա ներկայի լա՛ւ
արժեւորումն է եւ հերթական խաչմերուկին վրայ տուեալ ժամանակի
ոգիին համահունչ դիրքաւորուիլը։ Ներկայի արդարացումը կը
բանայ լա՛ւ ապագայի մը դուռը։ Գրաւակա՞ն… Իսկ այդ լա՛ւ ապագան,
շատ յաճախ ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ իւրաքանչիւր նո՛ր ներկան
վերանորոգ եռանդով մը ողջունելու ընդունակութիւնը։
8.2.16
Նամակ մը «Ժամանակ»ին՝ 101 տարի առաջ
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ամերիկայի
հայոց արեւելեան թեմին կից «Զօհրապ» տեղեկատուական կեդրոնը (Նիւ Եորք) պահուող
թղթակալ մը կը պարունակէ «Ամէնուն Տարեցոյց»ի նշանաւոր հրատարակիչին՝ Թէոդիկի (1873-1928),
եւ իր նուազ ծանօթ մտերիմ գրասէր ընկերոջ՝ Սարգիս Սաքաեանի վերաբերող կամ անոնց
կողմէ հաւաքուած անտիպ նամակներու եւ այլ նիւթերու լուսապատճէններ։ Անշուշտ,
մանրամասնութիւններ չկան, թէ ինչպէ՞ս մէկտեղուած են այդ տարաբնոյթ նիւթերը, որոնցմէ
մէկ քանիին քաղուածքները լոյս տեսած էին ժամանակին տարեցոյցին մէջ եւ թերեւս
այլուր, բայց բնագիրները ցարդ կը մնային անյայտ։ Կարելի չէ եղած պարզել նաեւ, թէ լուսապատճէնները
ի՞նչ ճանապարհով Նիւ Եորք հասած են եւ թէ բնագիրները ի՞նչ ճակատագրի արժանացած են։
Այդ թղթակալին պարունակութեան ծանօթանանլէ ետք, տարբեր առիթներով անոր նիւթերուն
մէկ մասը հրատարակած ենք մամուլին մէջ։ Հրատարակութեան սպասող գրութիւններուն
շարքին է ստորեւ հրատարակուող նամակը, որ կը պատկանի Յարութիւն Ալփիարի գրիչին։
20.12.15
Արեւմտահայ մամուլին նուիրուած արժէքաւոր նոր աշխատութիւն
ԴԱՒԻԹ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հայ մամուլն իր աւելի քան երկուհարիւրամեայ գոյութեան ընթացքում մեծապէս նպաստել է հայ ժողովրդի ինքնութեան ձեւաւորմանը, դարձել նրա հոգեւոր կայացման կենսագիրն ու պատմական ընթացքի ժամանակագիրը: Ցաւօք, հարիւրաւոր պարբերականներ մինչեւ այժմ գիտականօրէն ուսումնասիրուած չեն կամ էլ մասնակիօրէն են հետազօտուած: Ասուածը բացառութիւն չէ նաեւ 20-րդ դարասկզբի հայ մամուլի համար: Եւ ահա հայ ընթերցողի սեղանին է դրուել «Արեւմտահայ մամուլն իր պատմութեան աւարտին (1900-1922)» արժէքաւոր աշխատութիւնը, որի հեղինակն է արեւմտահայ մամուլի լաւագոյն գիտակներից՝ հմուտ հետազօտող, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, պատմական գիտութիւնների դոկտոր, պրոֆեսոր Ալբերտ Խառատեանը:
28.7.15
Փոքր Ասիոյ մէջ
«Ժամանակ» օրաթերթը 2015 թուականի մթնոլորտին մէջ կը վերարժեւորէ իր
նահատակ աշխատակիցներուն ստեղծագործութիւնները։ Ծանօթ է, որ
1915 թուականին նահատակուած մտաւորականներուն կարեւոր մէկ
մասը այդ շրջանին աշխատակցած էին թերթիս։ Եղեռնէն դար մը անց
անոնք այսօր կ՚ոգեկոչուին՝ սրբադասուած ըլլալով նաեւ
Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ։ Թէ՛ անոնք ոգեկոչելու
եւ թէ իրենց արտադրանքը մերօրեայ սերունդներու յիշողութեան
մէջ թարմացնելու առաջադրութեամբ «Ժամանակ» որոշած է իր նահատակ
հեղինակներէն մէկ քանիին գործերը վերահրատարակել։ Այսպէս,
թերթիս խմբագիր ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի ջանքերով լոյս
տեսած է Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի կողմէ «Ժամանակ»ի մէջ
ստորագրուած երկերու ժողովածոն։ Այս գործը ամրան ներկայ շրջանին
գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դրուի՝ հաշուի առնելով, որ
Սփիւռքէն ալ բազմաթիւ հայեր այս շրջանին կ՚այցելեն քաղաքս։
27.11.13
Թուրքիան 100ամեակի նախօրեակին. հարցազրոյց Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի խմբագրապետ Արա Գօչունեանի հետ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հարցում - Կարելի՞ է պարզաբանել ընդհանրապէս թրքահայութեան եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ հայերու ապրած ներկայ վիճակը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ փոխ-յարաբերութիւններու առումով։ Ինչպէս գիտենք, կան քանի մը բնագաւառներ ինչպէս՝ կալուածներու վերադարձի հարցը, Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով թուրք հասարակութեան եւ ի մասնաւորի նոր մտաւորականութեան նոր մօտեցումները, գաւառներու մէջ քիւրտերու հետ զարգացումները՝ յատկապէս Տիգրանակերտի շրջանի պարագան, եւայլն։ Կ՚ուզէինք նշեալ նիւթերու շուրջ այժմու իրավիճակին յստակ պատկերը ունենալ։
Արա Գօչունեան - Այո, հարցադրումները շատ են։ Կալուածներու խնդիրը աւելի քան տասը տարուան գործընթացի անցեալ ունի, գիտէք, իրադարձութիւնները երբեմն գետի նման կը վարարին եւ յետոյ կը հանդարտին, սակայն կը մնայ շարունակականութիւնը, իսկ ներկայ հանգրուանի մեկնակէտը պայմանաւորուած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացով։ Երբ Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցելու թեկնածու ճանչցուեցաւ, երկրին մէջ սկսաւ բազմակողմանի բարեփոխումներու գործընթաց մը, որ իր հետ բերաւ նաեւ զանազան օրէնսդրական կարգադրութիւններ՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն համար, որոնք ունէին տասնեակ տարիներու ընթացքին կուտակուած խնդիրներ։
Subscribe to:
Posts (Atom)