Showing posts with label «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ». Show all posts
Showing posts with label «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ». Show all posts

23.11.14

Հարցազրոյց Գրիգոր Պըլտեանի հետ՝ իր նորագոյն «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ» հատորի մասին

ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆ

- Պարոն Պըլտեան, օրերս լոյս տեսաւ Դանիէլ Վարուժանին նուիրուած ձեր աշխատութիւնը: Ունեցե՞լ էք արդեօք այլ աշխատութիւն Դանիէլ Վարուժանի մասին:
- Տարիներ առաջ, 60ական թուականներուն, աշխատութիւն մը գրած էի, նախ՝ լոյս տեսաւ «Ահեկան» հանդէսի մէջ, յետոյ «Տրամ» հատորիս մէջ (1980), գրեթէ ամբողջութեամբ արեւմտահայ բանաստեղծութեան յատկացուած, ի շարս՝ Մեծարենցի, Ինտրայի, Ահարոնի: Յետագային զանազան առիթներով Վարուժանը դարձաւ տեսակ մը մշտական ուշադրութեան առարկայ: Հոսկէ ծնաւ «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ» ուսումնասիրութիւնը (Անթիլիաս, 1988): Լոյս տեսած լիբանանեան պատերազմի ամենէն բուռն տարիներուն՝ աշխատանքը լեցուն էր վրիպակներով: Դժգոհ էի արդիւնքէն: Երբ Խաչենց-Փրինթինֆօ առաջարկեցին որ հատորը լոյս տեսնէ նաեւ Երեւան, ի հարկէ ընդառաջեցի: Նոր հրատարակութեան մէջ կան յաւելումներ՝ նոր յառաջաբան մը, ընդլայնուած վերջաբան մը, եւ յուսամ՝ վրիպակներու սրբագրութիւն: Նիւթին այժմէականութիւնն ալ (Աղէտը), եթէ կարելի է այժմէական նկատել տեւակա՛նը, պատճառ մը եղաւ, որ հատորը հրատարակուի վերստին: