Showing posts with label Արփի Թոթոյեան. Show all posts
Showing posts with label Արփի Թոթոյեան. Show all posts

16.12.18

Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972. Նոյնէն այլը *

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրական կեանքին մէջ իրապէս հազուադէպ է տեսնել այսքան բծախնդրօրէն եւ մանրամասնօրէն պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը, ինչպիսին է Գրիգոր Պըլտեանի ֆրանսահայ գրականութեան կէսդարեայ վաստակին նուիրուած շուրջ 900 էջ հաշուող այս կոթողային աշխատանքը:
Գործը, տուեալ հրատարակութենէն շուրջ քսան տարի առաջ պատրաստուած, ֆրանսերէնով գրուած հեղինակին երկրորդ աւարտաճառն է, որ թարգմանուած է Արփի Թոթոյեանի եւ վերաշարադրուած` Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ, ինչպէս գրքի առաջին էջերուն վրայ կը կարդանք:

15.3.16

Նամակ՝ Գոհար Մարկոսեանին

ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆ
 
Սիրելի Գոհար, կ՚ուզենայի, շատ կ՚ուզենայի ահաւասիկ այս նամակը հասնէր քեզ, սակայն, աւաղ, այլեւս երբեք նամակ պիտի չստանաս (*): Այս է քո մեծագոյն զրկանքը:
Կը յիշե՞ս արդեօք մեր առաջին հանդիպումը. սակայն, նախ ուզում եմ յիշեցնել, թէ ինչպէս յայտնաբերեցինք Գոհար Մարկոսեանին:
1999 թուականի մարտ ամիսն էր, նամակ եմ ստանում Փարիզում այն ժամանակուայ «Յառաջ» օրաթերթի խմբագիր Արփի Թոթոյեանից. «Սիրելի Գոհար, անցեալ Կիրակի երեւանցի թատերագիրի մը մէկ գործը դիտեցինք Բարեգործականի սրահը: Շատ յաջող էր ու հետաքրքրական. կը կոչուէր "Յուշարձանը": Դիտողները ուզեցին գիտնալ, թէ ո՞վ է հեղինակը: Գոհար Մարկոսեան: Պարզուեցաւ, որ ոչ ոք բան մը գիտէր իր մասին: Թատրերգութիւնը հրատարակուած է 1989 "Սովետական արուեստ"-ներէն մէկուն մէջ: Մտածեցի, որ դուն կրնաս երկու տողով տեղեկացնել եթէ բան մը գիտես իր մասին: Թերեւս Երեւան չէ այլեւս, ո՞վ գիտէ:»

26.6.15

Արփիկ Միսաքեան եւ իր օրինակը



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ճակատագիրը նման խաղեր ունի։
Արփիկ Միսաքեան «Յառաջ»ի վերջին թիւը (22.214) լոյս կ՚ընծայէր Շաբաթ, 30 Մայիս – Կիրակի, 31 Մայիս 2009 թուականով։ Ներքին էջերուն նիւթերը, ըստ սովորութեան, եւ թերեւս առաջին էջին մէկ մասը, ներառեալ Ա.Մ.ի «Խօսք հրաժեշտի»ն, որուն կցուած էր («Յառաջ»ը հազուադէպ լուսանկարներ կը տպէր) հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի լուսանկարը՝ իր գրասեղանին առջեւ, պէտք է աւարտած ըլլային Մայիս 28ին։ Հայաստանի անկախութեան 81րդ տարեդարձի օրը կը սկսէր փակումը Սփիւռքի միակ անկախ օրաթերթին (Պոլիսը դեր չէր սկսած բանավիճիլ Սփիւռք ըլլալու թէ չըլլալու մասին)։
Դարաշրջան մը կ՚աւարտէր։