ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ֆրանսացի պատմաբան Հերվէ Ժորժըլէն ֆրանսերէնի
թարգմանած է պոլսահայ վիպագիր Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը» կոթողական վէպը: «Արեւելք» այս առթիւ հարցազրոյց մը
ունեցաւ թարգմանիչին հետ: Թէեւ Զաւէն Պիպեռեանի անունը մեծ
ճանաչում չի վայելեր հայկական գրասէր հանրութեան մօտ, սակայն անոր արժէքաւոր գործը կը հաւատանք, որ երկար ժամանակ պիտի
հանդիսանայ ուշադրութեան եւ միանագամայն գնահատանքի արժանի ուրոյն
գործ: Նշենք, որ Հէրվէ Ժորժըլէն ներկայիս կ'ապրի Ֆրանսա եւ այցելու դասախօս է Աթէնքի մէջ: