24.2.21

Զարեհ Որբունիի «Հալածուածներ» վիպաշարքին անդրանիկ հատորը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ

Երեւանի «Յովհաննիսեան» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ լոյս տեսաւ ֆրանսահայ արձակագիր Զարեհ Որբունիի (Էօքսիւզեան, 1902-1980) վէպերու ժառանգութիւնը երեք հատորով ներկայացնող անդրանիկ հատորը, որ կը ներառնէ հեղինակին «Հալածուածներ» վիպաշարքին առաջին երեք վէպերը՝ «Փորձը» (Փարիզ, 1929), «Թեկնածուն» (Պէյրութ, 1967) եւ «Ասֆալթը» (Պոլիս, 1972) վէպերը: «Փորձը» վերատպուած էր Որբունիի երեւանեան հատորին մէջ (1966), բայց «Թեկնածուն» եւ «Ասֆալթը» երկրորդ հրատարակութիւն չէին ունեցած մինչեւ հիմա։

Հատորը կ՚ամբողջանայ Մարկ Նշանեանի ուսումնասիրութեամբ, որ նուիրուած է Որբունիի վիպագրութեան: Հրատարակութիւնը իրականացած է Սփիւռքի յայտնի մտաւորականներ Գրիգոր Պըլտեանի ու Մարկ Նշանեանի եւ հայրենի գրականագէտ Սիրանոյշ Դվոյեանի գործակցութեամբ:

Գիրքը լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական հովանաւորութեամբ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։

No comments:

Post a Comment