ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Վերջին
քանի մը տարիներուն Երեւանի, եւ որոշ չափով ալ Սփիւռքի այլեւայլ
գաղութներուն մէջ թափ առած է հրատարակչական այնպիսի գործունէութիւն մը,
որուն ի տես մարդ միայն կրնայ հրճուանք եւ հպարտութիւն ապրիլ, մանաւանդ երբ
նկատի առնենք այդ հրատարակութիւններուն գեղարուեստական որակըՙ ձեւաւորում
եւ թուղթի որակ, որոնք գիրքը նաեւ արուեստի գործի մը կը վերածենՙ հաճոյ
դիտելու թէ ափերուն մէջ ունենալու համար: