Երկար տարիներէ ի վեր, Պոլսոյ գրական կեանքին մէջ հաճելի աւանդութեան մը
վերածուած է գիրքի փառատօնը, որ իր դրոշմը կը բերէ՝ աշնան մռայլ օրերուն
ալեկոծելով հրատարակչական ընդարձակ շուկան։ Այս տարի, հայերէն գիրքերը
թրքերէն ընթերցող հասարակութեան մատուցող «Արաս» հրատարակչատունը մեծ
եռանդով պատրաստուած է փառատօնին։ Հրատարակութիւններու բաւական հարուստ
ցանկ մը կայ մեր դիմաց, որու միջոցաւ «Արաս» պիտի փորձէ ընթերցողին
ուշադրութիւնը ապահովել հայերէն գրականութեան ընդարձակ դաշտին։ Անմիջապէս
փառատօնի նախօրեակին «Արաս» կը ներկայանայ արեւմտահայերէն գրականութեան
դասական կարեւոր հեղինակներէն Զապէլ Եսայեանի հետզհետէ մոռցուած մէկ
գործով։ «Սպասման սրահին մէջ» անուն գիրքը նախապէս լոյս տեսած էր թերթօնի
ձեւով եւ ապա առանձին հատորի մէջ չէր հրատարակուած։ «Արաս»՝ «Ծաղիկ»
շաբաթաթերթի էջերէն քաղելով, անգամ մը եւս կը վերակենդանացնէ այս գործը։
Այսպէսով լոյս աշխարհ եկած կ՚ըլլայ Եսայեանի անտիպ գործերու եռեակի մը
առաջին հատորը։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label Զապէլ Եսայեան. Show all posts
Showing posts with label Զապէլ Եսայեան. Show all posts
6.11.17
18.6.17
Հանդիպում՝ Մարկ Նշանեանի հետ
Անցնող Մայիս 29-ին «Նոր Յառաջ»-ի նախաձեռնութեամբ Փարիզի Անաքօ տափանաւուն վրայ հանդիպում մը կայացաւ Մարկ Նշանեանի հետ, վերջինիս «Պատկեր, պատում, պատմութիւն» երկհատոր գիրքի հրատարակութեան առիթով (*)։ Հայերէն լեզուով կ՚ընթանար երեկոն։ Հանդիպման բնանիւթն էր՝ վկայի եւ վերապրողի կերպարները 20-րդ դարու ֆրանսացի եւ հայ վիպագիրներու գործերուն ընդմէջէն։ Ի հարկէ պրն. Նշանեանի հրատարակած աշխատասիրութեան առաջին հատորը մենագրութիւններ կը պարունակէ ֆրանսացի գրող եւ մտաւորական Մօրիս Պլանշոյի եւ Ժորժ Պաթայլի մասին։ Իսկ երկրորդ հատորը՝ Զապէլ Եսայեանի, Գրիգոր Պըլտեանի, Շահան Շահնուրի եւ Զարեհ Որբունիի մասին։
22.1.16
Հայ կինը՝ երէկ, այսօր եւ վաղը. հարցազրոյց Սոնա Զէյթլեանի հետ
ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Հայ կինը դարերու ընթացքին զանազան դերեր ստանձնած է. ունեցած ենք հայ
թագուհիներ. օտար լուծի եւ օտար կրօնքի ազդեցութեան տակ, հայ կինը դարձած է
ստորադաս էակ. հայ կինը մասնակցած է կիներու ազատագրական առաջին
շարժումին, իսկ յետ Ցեղասպանութեան, հայ կնոջ դերը մեծ եղած է ազգային
վերականգնումին մէջ: Սակայն, հայ կնոջ արժէքը պէտք եղած ձեւով չէ
արժեւորուած: Հայկական իրականութեան մէջ հայ կինը անտեսուած է, ու անոր
պատմութիւնը մեծապէս բացակայ է մեր դասագիրքերու եւ պատմութեան գիրքերու
էջերուն մէջ:
Վերջերս բախտաւորութիւնը ունեցայ այս կարեւոր նիւթին շուրջ զրուցելու
«Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակի դափնեկիր, բազմավաստակ գրող եւ դաստիարակ Սոնա
Զէյթլեանի հետ:
2.12.12
Նոր եռահատորեակ՝ ցեղասպանութեան վաւերագրերով
ԻՆԳԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային Արխիւը հրատարակել է «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում: Վերապրածների վկայութիւններ» փաստաթղթերի եռահատոր ժողովածուն: Եռահատորեակի գլխաւոր խմբագիրը, հեղինակն ու կազմողը պատմական գիտութիւնների դոկտոր, Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանն է:
15.5.11
Զապէլ Եսայեանի գիւտը
Չէ՞ պատահած ձեզի, որ Երեւանի մէջ թաքսի նստիք եւ վերջին քսան տարիներուն անունը փոխած փողոց մը յուշէք վարորդին։ Եթէ Կենտրոն թաղամասէն դուրս կ՚երթաք, պատրաստ եղէք կա՛մ ուղղութիւնը դուք տալու եւ կամ, հակառակ պարագային, հին անունը ձեր միտքը պահելու։ Յաճախ պատահած է ինծի, որ Երրորդ մաս ուզեմ երթալ եւ Մանանդեանի փողոցին անունը տամ։ Քանի որ տարիներու սովորութեամբ արդէն ճամբան սորվեր եմ, միշտ առաջին տարբերակը կ՚ընտրեմ։ Նախընտրելի է ատիկա, քան յիշողութեան մէջ արթնցնել խորհրդային «Թելմանի փողոց» անունը, որ կը բխի գերմանացի համայնավար ղեկավար Էռնստ Թելմանէն (1886-1944), որուն գլխաւոր արժանիքը, դատելով «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ի յօդուածէն, նացիներէն Պիւխէնվալտ նետուած ու հոն սպաննուած ըլլալն է։ Եօթանասուն տարի »սովետական ինտերնացիոնալիզմ»ով բաւական զբաղող եղաւ. այժմ թող գերմանացիները Թելմանով զբաղին, որքան որ ուզեն եւ եթէ կ՚ուզեն։
Subscribe to:
Posts (Atom)