ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի «հայ մամուլի տարի»ի հռչակումը, ինչպէս
եւ առաջին հայ թերթի՝ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի «Ազդարար»ի հրատարակութեան 225ամեակը,
որուն կը միանան «Հայրենիք»ի 120ամեակն ու “The Armenian Weekly”ի 85ամեակը, առիթ
պէտք է հանդիսանան մամուլի դերն ու դիրքը վերագնահատելու՝ անցեալի ու ապագայի
հաշուառումով։
«Մամուլ» եզրը կ՚ընդգրկէ սփիւռքահայ մամուլը, որուն անցեալին ու ներկային
աւելի մօտէն ու անմիջականօրէն ծանօթ ենք, իսկ անոր մէջ՝ հայալեզու (արեւմտահայերէն)
ընթացիկ մամուլը։ Այս հպանցիկ նշումները պիտի անդրադառնան ներկայ գրութեան երեք
ենթախորագիրներուն։