ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ – ԱՅՏԱ ԷՐՊԱԼ
Անգլերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
ԺԹ. դարու Օսմանեան կայսրութեան հայոց պատմութիւնը[1]
պատմութիւնն է մեծ խոստումներու եւ աւելի մեծ լքուածութեան։ Ապրիլ 24ի
գիշերը եւ յաջորդող երկու շաբաթներուն ձերբակալուած աւելի քան 200
արեւմտահայ մտաւորականները խորապէս գիտակից էին իրենց առանձնութեան։ Գրիգոր
Զօհրապի իթթիհատական բարեկամները, որոնց հետ ընթրած ու թուղթ խաղացած էր,
պիտի նախընտրէին անոր սպանութիւնը չկանխել։ Սակայն, լքուածութիւնը
պիտի շարունակէ հայոց ուղեկիցը ըլլալ։ Միջագետքի ճամբարներէն վերապրողները
այնքան առանձին էին, որքան Անատոլիոյ հեռաւոր լեռներուն կամ գիւղերուն
ապաստանեալները։ Իսկ անոնք, որոնք կրօնափոխութեան կամ բռնի կենակցութեան
շնորհիւ վերապրեցան, ո՛չ միայն 1915ի ամրան, այլեւ յաջորդող հարիւր
տարիներուն լքուեցան։