Showing posts with label Անատոլիա. Show all posts
Showing posts with label Անատոլիա. Show all posts

14.5.15

Դէպի Մուշեղ Իշխանի ծննդավայրը՝ Սիվրիհիսար

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
Մայիսի 1-ին, առտուն կանուխ, գրեթէ հալածական, կը հեռանանք Պոլիսէն։ Բարեխնամ կառավարութիւնը, իր բոլոր զօրութեամբ իջած է փողոց՝ արգիլելու ոեւէ մէկը՝ չնշելու Աշխատաւորութեան տօնը, յայտնուելով Թաքսիմի հրապարակին վրայ։ Ոստիկանները փակած են բոլոր ճամբաները, նոյնիսկ հետիոտն անցորդներուն համար (մեր անգտանելի նախագահը օրուան ընթացքին դեռ յայտարարէր պիտի, թէ նման միջոցառումներու կը դիմեն, որպէսզի քաղաքացիներուն առօրեան չխանգարուի։ Ճի՛շդ այսպէս)։

17.5.11

Ես ո՛չ խճանկար, ո՛չ էպրու եւ ո՛չ ալ Անատոլիոյ գոյն եմ

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ
Հայացուց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ապրիլ 24, 2011ին, 25ամեայ թրքահայ զինուոր մը՝ Սեւակ Շահին Պալըքճը, սպաննուեցաւ թուրք զինակիցի մը՝ Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ, իր ծառայութիւնը աւարտելէ երեք շաբաթ առաջ։ Պաշտօնապէս «արկած» որակուած այս սպանութիւնը կասկածելի ու հակասական բազմաթիւ կէտեր ունի՝ խորհրդանշական թուականէն սկսեալ։ «Ակօս» շաբաթաթերթը տեղեկագրած է իր Մայիս 6ի թիւով.