Showing posts with label մշակոյթ. Show all posts
Showing posts with label մշակոյթ. Show all posts

23.8.13

Քիչ մը ցեխ

Gagik Kristian
 
Հայաստանցիներ Սփիւռքը մէկ միատարր հաւաքականութիւն ըլլալ կը կարծեն: Սփիւռքահայու կերպարը հայաստանեան ժողովուդի լայն հատուածի համար միասնական է, ըլլայ այդ սփիւռքահայը ամերիկահայ, ֆրանսահայ, լիբանանահայ, պոլսահայ կամ արժանթինահայ: Տարբերութիւն չկայ: Ի հարկէ, երջանկութիւն պիտի ըլլար, եթէ այդպէս ըլլար, բայց պիտի ընդունինք, որ իրականութիւնը քիչ մը տարբեր է:

8.3.12

Գիրքի մայրաքաղա՞ք, թէ՞ մեռելաքաղաք

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

2011ին, Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսը, գիրքի միջազգային մայրաքաղաքն էր։ Ընթերցողը թերեւս տեղեակ է (քանի որ երկար տարիներէ ի վեր հայ գաղութն ալ կը մասնակցի, վերջին երկու տասնամեակներուն՝  Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնելով), որ Պուէնոս Այրէսը՝ սպանական աշխարհի գրահրատարակչութեան երբեմնի մայրաքաղաքը, մօտ 40 տարիներէ ի վեր կը հիւրընկալէ գիրքի միջազգային ցուցահանդէս մը՝ աւելի քան մէկ միլիոն այցելուներով եւ բազմատասնեակ երկիրներու մասնակցութեամբ։ Բայց ան թերեւս չի գիտեր, որ ըստ որոշ պնդումներու, Պուէնոս Այրէսը աշխարհի մէջ ամենաշատ գրախանութ ունեցող քաղաքն է՝ մէկ քառակուսի մեթրի վրայ, եւ թերեւս նաեւ՝ իւրաքանչիւր բնակիչի դիմաց։ Ան ունի բազմահարիւր գրախանութներ, ո՛չ միայն կեդրոնի շրջանին, այլեւ կեդրոնէն հեռու թաղամասերու մէջ, թէ՛ նոր եւ թէ՛ հին գիրքերու, որոնք յաճախ կը բանան շաբթուան եօթը օրերը եւ երբեմն՝ մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը։ Ալ չխօսինք հանրային զանազան պարտէզներու մէջ լայնատարած բացօթեայ գիրքերու տօնավաճառներու, կրպակներու, եւ այլ մերձ գրախանութային երեւոյթներու մասին։

24.11.10

Մշակութային քաղաքականութիւն

Այս երկու յղացքներու դրացնութիւնը հազուագիւտ երեւոյթ է մեր մօտ։ Բառերը մաշած գունատած գորգերու պէս կորսնցուցած են իրենց ճշգրտութիւնը, ինկած են շրջուն վաճառորդներու ուսերուն։ Այնպէս որ այսօր «մշակոյթ» գաղափարը կը զուգադիպի գլխաւորաբար գրականութեան հետ, ժանանակակից հայ գրականութիւնը, այդ կոճկուած, ինքնիր շուրջ դարձող, անուշահոտ գործածող տարիքոտ ամուրին որուն կը հանդիպինք քոնսէրներու միջնարարին։ Մեր մէջ, գրականութիւնը շատ ալ տարբեր չէ գրականութեան մասին դասախօսութենէ, տարբեր չէ այդ դասախօսութեան մասին թերթի ղրկուած թղթակցութենէ։ Մշակոյթի կը կարծենք ծառայել երբ անցեալի վարկով (յաճախ խնդրական...) կը ծպտուինք, կը փորձենք մենք մեզ խաբել կամ ուշադրութիւն գրաւել միջազգային սակարանի մէջ։ Աստուած չընէ որ օտար մը գովէ մեր ժողովուրդի ձգած հետքը պատմութեան ճամբուն, երկու անուշ խօսք ընէ մեր մասին – կը ծռինք կօշիկին փոշին կ՚առնենք...։ Մշակոյթը դեռ հոմանիշ է Կովկասեան պարի, էսթրատային երաժշտութեան, կէս-ականջ պատարագին, նոյնիսկ ամավերջի հանդէսին...։ Եթէ այս բոլորը իրար խառնենք ու հասարակաց յայտարարի զարնենք, երեւան կու գայ կրաւորական ու ցեղակեդրոն նկարագիրը մեր ըմբռնումին։

31.12.09

Հայերէն գիրքն ու թերթը 21րդ դարուն

Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հրատարակութիւններու (գիրք, թերթ, պարբերական) զարգացումը՝ 21-րդ դարու գալիք տասնամեակներուն, նկատի առնելով մէկ կողմէն ելեկտրոնիկ հաղորդակցութեան ծաղկումը եւ միւս կողմէ բնապահպանական մտահոգութիւնները, թուղթի արտադրութիւնն ու սպառումը պակսեցնելու ձգտումները: Ի՞նչ տեղ կը մնայ թղթային, տպագիր հրատարակութիւններուն: Ասոր զուգահեռ կը դրուի հայերէն հրատարակութիւններու ապագայի հարցը, եւ վերեւի նկատառումներուն վրայ կ'աւելնայ լեզուի հարցը։

1.11.09

Հայերէն լեզուն անտէր ու անպաշտպան է այլեւս...

 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Վերնագիրը կ՚ընդօրինակենք Լեւոն Շառոյեանի դիպուկ յօդուածէն (”Յառաջ”, Ապրիլ 28, 2009)։ Բայց հարցման նշանը հանած ենք։
Այո՛, հայերէն լեզուն պէտք է անտէր ու անտիրական նկատել այլեւս, երբ տիրութիւն ու պաշտպանութիւն ընելու կոչուած մարմիններն ու անհատները պարզապէս կը դաւաճանեն անոր։ Ու այստեղ վիճաբանութեան տեղիք չկայ։