ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայութիւնն
այսօր համայն աշխարհի մէջ կը տօնէ Հայաստանի երրորդ
հանրապետութեան 25-ամեակը: Տօնական տրամադրութիւն կ՚իշխէ
ամէնուր, շնորհաւորանքի ու մաղթանքի խօսքերու պակաս չկայ:
Անկախութեան 25-ամեակը բացի ուրախութեան առիթէն՝ անցեալը
արժեւորելու, անկախութեան անցած ճանապարհը գնահատելու,
սխալներն ու թերացումները վեր հանելու առիթ մըն է եւ
գնահատումներէն ետք այն նաեւ նոր օրուայ սկիզբ կը խորհրդանշէ:
Անկախութեան 25-ամեակի առթիւ հարկ է նշել, որ անկախ
պետականութեան կայացումէն, ազգային արժէքներու հաստատումէն
զատ Հայաստանի մէջ կայացած է նաեւ չորրորդ իշխանութիւնը՝
մամուլը: