ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ճակատագիրը նման խաղեր ունի։
Արփիկ Միսաքեան «Յառաջ»ի վերջին թիւը (22.214) լոյս կ՚ընծայէր
Շաբաթ, 30 Մայիս – Կիրակի, 31 Մայիս 2009 թուականով։ Ներքին էջերուն նիւթերը, ըստ սովորութեան,
եւ թերեւս առաջին էջին մէկ մասը, ներառեալ Ա.Մ.ի «Խօսք հրաժեշտի»ն, որուն կցուած էր
(«Յառաջ»ը հազուադէպ լուսանկարներ կը տպէր) հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի լուսանկարը՝
իր գրասեղանին առջեւ, պէտք է աւարտած ըլլային Մայիս 28ին։ Հայաստանի անկախութեան 81րդ
տարեդարձի օրը կը սկսէր փակումը Սփիւռքի միակ անկախ օրաթերթին (Պոլիսը դեր չէր սկսած
բանավիճիլ Սփիւռք ըլլալու թէ չըլլալու մասին)։
Դարաշրջան մը կ՚աւարտէր։