ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Իրեն կարեւորութիւն տուող իւրաքանչիւր լրատուամիջոց այս օրերուն կը զբաղի սուրիահայերու վիճակով, կը զբաղի այնպէսՙ ինչպէս կարող ենք զբաղիլ հայերս, այսինքն, ինչպէս Շ. Շահնուրը կ՚ըսէր. «Աստուած գիտէ թէ ինչպէս»: Անլուրջ, անհոգի, անտեղեակ: Ամէն մէկը իր սեփական տան տանիքէն: Ոմանց համար ատիկա առիթ է Սփիւռքի նախարարութիւնը հերթական անգամ քննադատելու, ուրիշներու համարՙ ողջ կառավարութիւնը «անգործութեամբ» մեղադրելու, այլոց համարՙ տեղւոյն ազգային իշխանութիւններն ու աւանդական կուսակցութիւնները քննադատելու: Ոմանք ալ, օրախնդիր այդ թեման իրենց լրատուամիջոցի էջերուն մէջ ամէն գնով արծարծ պահելու ցանկութեամբ, որեւէ ասուլիսի կամ հանդիպումի կ՚ուղարկեն անփորձ եւ անգիտակ լրագրող մը, որ կառչելով Դամասկոսէն կամ Հալէպէն նախորդ օրը կամ նախորդ ամիս Երեւան ժամանած հայրենակիցի մը օձիքէն, կը փորձէ «նիւթ» սարքել անոր ըսածներէնՙ անոնց խառնելով իր իմացածն ու չիմացածը: