Showing posts with label Մխիթարեան վարժարան. Show all posts
Showing posts with label Մխիթարեան վարժարան. Show all posts

19.8.16

«Անիծեմ՝ վարժապետ դառնաս»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Նոյեմբեր 2000-ի աշնան պայծառ առաւօտ մը աշակերտներու բազմութիւն մը հաւաքուած էր Մելգոնեան վարժարանի մեծ  բակին  մէջ: Հանդէս չէր այդ օրուան հաւաքը: Աշակերտներէն ոմանք՝ բողոքելու նպատակովուրիշներ՝ իրենց ուսուցիչներուն հրաժեշտ տալու համար, եկած էին վերջին անգամ տեսնելու դպրոցէն վտարուած իրենց երկու ուսուցիչները: Կորիւն եւ Մարալ Քէհէեան ամոլը, ովքեր Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հայերէն լեզուի եւ գրականութեան  ուսուցիչներ էին, վտարուած էին դպրոցէն: Բողոքի ալիք մը բարձրացած էր Մելգոնեան վարժարանի պատմութիւն բուրող դեղին շէնքերու դասարաններուն  մէջ: Բանադրանքի, մեղադրանքի, այպանումի ամբողջ բեռը նետուած էր մանաւանդ վերին կարգերու սիրուած ուսուցիչ Կորիւն Քէհէեանի  ուսերուն:

4.8.16

Վերջին արար Մխիթարեանի մէջ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
Ծ.Խ.- «Մաղթելի է, որ պատկան մարմիններու միջամտութիւնը այս դէպքը հարթէ, ու նման ժամանակավրէպ, "ամիրայական" կեցուածքներ այլեւս տեղ չգտնեն Սփիւռքի հանրային կեանքին մէջ», կը գրէինք 17 Յունիսին իբրեւ ներածական Սեւան Տէյիրմենճեանի յօդուածին, ուր ան կը պատմէր, թէ ինչպէ՞ս դուրս դրուած էր Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի իր պաշտօնէն՝ առանց որեւէ բացատրութեան, տրամաբանական թէ անտրամաբանական։ Դժբախտաբար, հակառակ ազդու միջամտութեան իսկ, կամայականութիւնը իր հերթական յաղթանակը տարաւ. Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց» վէպին նիւթը յիշեցնող այս պատմութեան մէջ «խաւարի ասպետները» (ուրիշ գրագէտի մը՝ Նուպար Չարխուտեանի խորագիրը փոխ առնելով) հասան իրենց նպատակին։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժենք, որ մեր ճակատագիրը որոշուի գրչի հարուածներով եւ... մատի թափահարումներով։    

17.6.16

Վտարումի պատմութիւն մը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ


Ծ.Խ.- Պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէյիրմենճեան՝  բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Երեւանի պետական համալսարանէն, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին հայ գրականութեան ուսումնասիրութեան եւ հաւաքման բնագաւառին մէջ նկատառելի վաստակ մը ունի, երկու տարի հայոց լեզուի եւ գրականութեան պաշտօնը վարած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Վերջին օրերուն, ըստ մեր աղբիւրներու տեղեկութիւններուն, կամայական որոշումով ան դուրս դրուած է վարժարանէն՝ առանց որեւէ բացատրութեան։ Նախքան վտարումը, փորձ մը եղած է, որպէսզի ան հրաժարական ներկայացնէ։ Տէյիրմենճեան մերժած է ընդառաջել նման առաջարկի մը, որուն համար որեւէ հիմք չկար։ Ցարդ պաշտօնական բացատրութիւն մը տրուած չէ այս որոշումին մասին, որ կը թուի ճնշումի մը հետեւանքը, ինչպէս կը կարդանք ստորեւ տրուող յօդուածին մէջ։ Մաղթելի է, որ պատկան մարմիններու միջամտութիւնը այս դէպքը հարթէ, ու նման ժամանակավրէպ, «ամիրայական» կեցուածքներ այլեւս տեղ չգտնեն Սփիւռքի հանրային կեանքին մէջ։