Showing posts with label հայ բանասիրութիւն. Show all posts
Showing posts with label հայ բանասիրութիւն. Show all posts

5.1.11

Վարդան Մատթէոսեան եւ իր յարգելի վաստակը («Գրական-բանասիրական» ուսումնասիրութիւններ»ուն առիթով)

Հատոր մը հաստափոր՝ «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ»։
Մտաւորական մը բարեխիղճ ու համեստ՝ հեռաւոր Արժանթինի անբարենպաստ պայմաններուն մէջ ինքզինք կատարելագործած։ Պատմութեան ու գրականութեան հանդէպ լուրջ հետաքրքրութիւն մը՝ «հրճուանքի ու տառապանքի զոյգ բաժիններու խտացումով» ձեւաւորուած։