Showing posts with label սպաներէն թարգմանութիւն. Show all posts
Showing posts with label սպաներէն թարգմանութիւն. Show all posts

5.4.14

Թարգմանութիւններ հայերէնից իսպաներէն


ԱՐԱՐԱՏ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գնահատելի է Սպանիոյ մէջ կատարուած թարգմանական աշխատանքը ծանօթացնելու այս ուսումնասիրութիւնը, որ կը ներկայացնէ կարգ մը հրատարակութիւններ եւ թարգմանիչներ, անծանօթ՝ նոյնիսկ իրազեկ մասնագէտներու։ Տեղեակ չէինք նոյնիսկ, որ Սպանիոյ մէջ հայերէն շաբաթաթերթ լոյս կը տեսնէ։ Յօդուածը կարիքը ունի հիմնական լրացումի, ինչ կը վերաբերի Սպանիայէն դուրս հրատարակուած գիրքերու (նաեւ՝ Սպանիա 1990ականներէն առաջ տպուած հատորներու)։  1920ական թուականներէն մինչեւ օրերս արձանագրուած են հայ գրականութենէն սպաներէն թարգմանութիւններ՝ Արժանթինի եւ Սպանիոյ մէջ, պարբերականներու մէջ թէ առանձին գիրքով լոյս տեսած։ Այդ մասին, տե՛ս մեր յօդուածը՝  «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների», 2, 1991 (վերամշակուած ու լրացուած տարբերակը՝ Վարդան Մատթէոսեան, Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, Անթիլիաս, 2009)։ Կարգ մը այլ լրացումներ կատարած ենք տողատակի ծանօթագրութիւններու մէջ։