Showing posts with label Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. Show all posts
Showing posts with label Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. Show all posts

18.3.14

Հարցազրոյց Փարիզի Կրօնական Ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ Գեղամ Թորոսեանի հետ

«Նոր Յառաջ».- Քանի՞ տարիէ ի վեր եկեղեցւոյ կը ծառայէք։
Գեղամ Թորոսեան.- Փարիզ ծնած եւ մկրտուած եմ։ 1949ին, երբ եկեղեցւոյ յարկին տակ հայերէնի դասընթաց մը սկսաւ՝ Տէր Ադդէ Փայլակեան քահանայի միջոցով, պրն. Սեդրակ Գարակէօզեանի եւ տիկին Յասմիկ Քիւթնէրեանի օրօք, հոն արդէն հայերէն գրել-կարդալ սորվեցայ։ Այնուհետեւ, զինուորական ծառայութենէս ետք, 1956-57 տարիներէն սկսեալ շուրջ 30 տարի տեղւոյն Արա Պարթեւեանի եկեղեցական երգչախումբին մաս  կազմեցի։ 70-ական թուականներուն Սերովբէ Սրբազան Հօր առաջարկով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամակցեցայ եւ այդ ուղղութեամբ շարունակեցի եկեղեցական ծառայութիւնս։ 1989ին նոյն հոգաբարձութեան ատենապետ ընտրուեցայ, աւելի ուշ՝ վարչութեան, նաեւ աւելի վերջը՝ օրուան Կրօնական Ընկերակցութեան —որ կը համախմբէր փարիզեան չորս եկեղեցիներ՝ Փարիզ, Ալֆորվիլ, Առնուվիլ եւ Իսի— պատգամաւոր, ապա 1996-էն սկսեալ՝ նոյն Ընկերակցութեան Պատգամաւորական Ժողովի ատենապետ մինչեւ 2005, երբ չընդունեցի վերընտրուիլ։

26.10.13

Նորվան արք. Զաքարեան եւ Թեմական Խորհուրդին ճշմարտութիւնը խոստովանելու վախը

Ժ.Չ.

Մին­չեւ Հոկ­տեմբե­ր 19ի Թե­մական Պատ­գա­մաւո­րական Ժո­ղովի (ԹՊԺ) նիս­տը, Նոր­վան Սրբա­զանին հրա­ժարա­կանին պատճառը կը ներ­կա­յացուէր իբր անձնա­պէս նուաս­տա­ցու­մը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ.ի կող­մէ։ Ոչ ոք հար­ցա­կանի կ՚են­թարկէր Թե­մական Խոր­հուրդի (ԹԽ) կրա­ւորա­կանու­թիւնը այս խնդրին կա­պակ­ցութեամբ։ Սա­կայն ահա՛ Սրբա­զանը ի՛նքը վերջապէս հար­ցը կ՚ար­ծարծէ իր հրա­ժեշ­տի պա­հուն ու զար­մանք կը յայտնէ ԹԽ-ի անդամներու «ճշմար­տութեան խոս­տո­վանու­թենէն խու­սա­փու­մէն». կը մէջ­բե­րենք՝ «Ո՛չ ցա­սում, ո՛չ գան­գատ, բայց սա­կաւիկ մը այս վեր­ջերս զար­մա­ցած եմ ի տես Թե­մական Խորհուրդի կե­ցուած­քին՝ Տէր Վա­չէի դրա­մական հար­ցե­րուն վե­րաբե­րեալ։ …Տէր Վա­չէն Ամերիկա­հայոց հե­ռատե­սիլէն ելոյթ կ՚ու­նե­նայ, Սար­գիս Պե­տոյեան Nouvelle d'Arménie-ի մէջ Տէր Հօր պա­հակու­թեան մա­սին ան­ճիշդ տե­ղեկու­թիւններ կը հա­ղոր­դէ, Խորհրդի ան­դամնե­րէն ո՛չ մէ­կը կ՚ար­ձա­գան­գէ, սրբագ­րե­լու պա­տաս­խա­նատ­ուութիւ­նը չի ստանձներ, միւս կող­մէ անտե­ղի դի­ւանա­գիտա­կան զգու­շա­ւորու­թիւն մը կը ցու­ցա­բերէ, խու­սա­փելու հա­մար ճշմարտութեան խոս­տո­վանու­թե­նէն»։

Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժեշտի խօսքը Թեմական Պատգամաւորական Ժողովին

Հոկտեմբեր 19, 2013ին գումարուած է Ֆրանսայի Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի արտակարգ նիստը՝ Մարսէյլի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ։ «Նոր Յառաջ» հրատարակած է հրաժարեալ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժեշտի խօսքը նիստին ընթացքին.
 «Տրուած ըլ­լա­լով այս ժո­ղովին շուրջ ստեղ­ծուած հե­տաքրքրու­թիւնը, մա­նաւանդ Նոր­վան Սրբա­զանին հրա­ժեշ­տի խօս­քին ստեղ­ծած յու­զումնա­լից պա­հը՝ մաս­նա­կից 50էն 60 անդամներուն մօտ, կը հրա­տարա­կենք անոր ար­տա­սանած խօս­քե­րը՝ բաժ­նե­կից ընե­լու համար մեր ըն­թերցող­նե­րը ներ­կայ հանգրուանին տի­րող խիստ կա­րեւոր ան­ցուդար­ձե­րուն, որոնց ճիշդ ըմբռնու­մը ճամ­բայ պի­տի հար­թէ Ֆրան­սա­յի թե­մին վա­ղուան նախաձեռնութիւններուն։

Բացատրողագիր ի մասին Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարման

Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանը Յուլիս 29, 2013 թուակիր բացատրողագիր մը յղած էր Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդին, որ Յուլիս 30-31ին կոչուած էր քննելու Սրբազան Հօր հրաժարականը։ «Նոր Յառաջ» զայն լոյս ընծայած է իբր պատմական փաստաթուղթ եւ իբր լրացուցիչ նիւթ Նորվան Սրբազանի Թեմական Պատգամաւորական Ժողովին արտասանած խօսքին, որուն ընթացքին պատգամաւորներ պահանջած են որ այդ բացատրողագիրը ընթերցուի։

15.8.13

Եկեղեցական նոր տագնապի մը դէմ յանդիման

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
 
Ազգային խնդիրներով քիչ թէ շատ մտահոգ  հայ մարդ կ’ենթադրուի, թէ կարդացած պէտք է  ըլլայ  համացանցի  ճամբով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին «խոտորումներուն» մասին շրջանառութեան դրուող գրութիւնները, որոնք յաւելեալ շեշտ ու ծաւալ եւ յաճախականութիւն ստացան՝ յատկապէս ֆրանսահայոց առաջնորդին հրաժարականէն ետք,  հրաժարագրին ու անոր դրդապատճառին հրապարակումով, բացայայտումով:
Ստորագրուածները ընդհանրապէս կողմնորոշեալ յայտարարութիւններ են՝ ըստ պատշաճի մտահոգութիւն արտայայտող բանաձեւումներով: Միւսները ՝ անհասցէ ու հեղինակ(ներ)ի ինքնութիւնը անյայտ՝ «քահանաներու միութիւն», «Թորոնթոյի հաւատացեալներ» եւ այս կարգի տարտամ ստորագրութիւններով գրութիւններ,  որոնց «լրջութիւնը» կը կայանայ հետաքրքրութիւն յարուցող իրենց բովանդակութեան մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթղ.ին  մասին ըլլալուն  համար:

8.8.13

Երուսաղէմի Պատրիարքը սխալ կը գտնէ Ս. Էջմիածինի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի որոշումը

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը 3 Օգոստոսին նամակ յղած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին: Նամակին մէջ ան «ճակատագրական սխալ քայլ» նկատած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականի ընդունման վերաբերեալ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին որոշումը:

28.9.11

Սառը ցնցուղ կամ իրերը իրենց անունով կոչելու ժամանակը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի ելոյթը Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովի ընթացքում առաջին հերթին սթափութեան յորդոր էր` ուղղուած Հայաստանի գործող իշխանութիւններին, եւ սառը ցնցուղ համաժողովի այն մասնակիցներին, ովքեր եկել էին լաւատեսական խօսքեր լսելու ու փառաբանելու գործող իշխանութիւններին: Թւում է, թէ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը կամ էլ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները այն տեղը չեն, որտեղ պէտք է քննադատութիւն հնչեցնել, վեր հանել մեր կեանքի բացերը, մատնանշել հայ ժողովրդին սպառնացող ներքին ու արտաքին վտանգները: