Showing posts with label Զուիցերիա. Show all posts
Showing posts with label Զուիցերիա. Show all posts

14.2.15

Եկեղեցին օրինակելիօրէն թափանցիկ պէտք է գործի

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
 
Իրաւ կամ շինծու սկանդալնե՞ր էին պէտք, որպէսզի Հայ Առաքելական Եկեղեցու Մայր Աթոռը մի փոքր բաց անէր վարագույրը իր ֆինանսական գործառնութիւնների վրայից, աջից-ձախից ցեխարձակումնե՞ր՝ որպէսզի Մայր Աթոռի ներկայացուցիչները հանրութեանը բացատրութիւններ տային սոցիալական-կրթական-առողջապահական այն հսկայածաւալ գործունէութեան վերաբերեալ, որը տարւում է Հայ Եկեղեցու կողմից կամ հովանու ներքոյ: Աստուածաշնչեան պատգամը՝ «ձախ ձեռքդ թող չիմանայ աջն ինչ է անում», այս պարագայում եւ այս օրերին կիրառելի չէ, յատկապէս մեր՝ յետսովետական պայմաններում, յատկապես մեր՝ զրպարտող-բամբասող լրատուամիջոցների միջավայրում, եւ մանաւանդ՝ ամէն բանի նկատմամբ հաւատը կորցրած մեր հասարակութեան մէջ:

8.1.14

Ստորագրահաւաք՝ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի որոշումը բողոքարկելու պահանջով

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը (CCAF) հրապարակ հանած է խնդրագիր մը, որ Զուիցերիայէն կը պահանջէ բողոքարկել Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի (ՄԻԵԴ) Դեկտեմբեր 19ի որոշումը, ըստ որուն թուրք ազգայնամոլ եւ Թուրքիոյ Աշխատաւորներու Կուսակցութեան նախագահ Տողու Փէրինչէքի (ներկայիս՝ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած հակապետական դաւադրութեան որպէս մասնակից) Ժընեւ կատարուած 2007ի հրապարակային յայտարարութիւնը, թէ «այսպէս կոչուած հայկական ցեղասպանութիւնը միջազգային կեղծիք մըն է», դատապարտելի չէ։
Խնդրագրին ամբողջական բնագիրը կարդալու եւ ստորագրելու համար, այցելեցէ՛ք Change.org։

1.4.13

Ազնաւուր, կամ Հայաստանի դիւանագիտութեան անճարակութիւնը




Ժ. Չ.
Ազնա­ւուր բնաւ պէտք չու­նէր դի­ւանա­գէտ ըլ­լա­լու, որ իր իւ­րա­քան­չիւր հար­ցազրոյ­ցին պաշտպա­նէր Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նի բա­ցու­մը՝ զո­հելով Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։ Արուես­տա­գէտ է մար­դը։ Մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչում ու­նի։ Իր իւ­րա­յատուկ մտա­ծելակերպն ու­նի։ Լա՜ւ, ըն­դունե­ցի՛նք այս բո­լորը։ Թո՛ղ մտա­ծէ՝ ինչպէ՛ս որ կ՚ու­զէ։ Թո՛ղ յայ­տա­րարէ՝ առանց բա­ռերը ծա­մելու, ինչ որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան գլուխը գտնուող­նե­րը կը պա­հան­ջեն իր­մէ, այն բաները, զորս իրենք չեն հա­մար­ձա­կիր բարձրա­ձայ­ն ըսե­լ, մա­նաւանդ՝ 2009ի ար­ձա­նագ­րութիւննե­րու ձա­խողու­թենէն ի վեր։ Սա­կայն, այս դե­րակա­տարու­թեան հա­մար՝ Ազ­նա­ւուր ստի­պուա՞ծ է դես­պան ըլ­լա­լու։

Շառլ Ազնաւուրի խնդրայարոյց յայտարարութիւններն ու հակազդեցութիւններ

Աշխարհառչակ երգիչ, նաեւ Զուիցերիոյ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուր, Մարտ 20-ին զուիցերական RTS ձայն հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին (հեռասփռուած Մարտ 24ին) յայտարարած է, թէ իր հոգը չէ, թէ 1915ին Թուրքիոյ մէջ պատահած դէպքերը ցեղասպանութիւն որակուեր են, թէ ոչ։