Showing posts with label կալուածաթուղթեր. Show all posts
Showing posts with label կալուածաթուղթեր. Show all posts

9.7.15

Հայաստանի Ազգային Արխիւը պիտի հրատարակէ «Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ» երկլեզու աշխատութիւնը

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան պի­տի հրա­տա­րա­կէ «Հայ Եկե­ղեց­ւոյ կա­լուած­նե­րը Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ» օս­մա­նե­րէն եւ հա­յե­րէն աշ­խա­տու­թիւ­նը։ Յուլիս 7ին Երե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւի տնօ­րէն Ամա­տու­նի Վի­րա­բեան, որ իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձաւ այս երկ­լե­զու ծրագ­րին։ Ա­. Վի­րա­բեա­նի բա­ցատ­րու­թեամբ, սոյն աշ­խա­տու­թեան մէջ ամ­փո­փուած են Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեան եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան պատ­կա­նող ու Թուր­քիոյ տա­րած­քէն ներս գտնուող կա­լուած­նե­րու ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը։ Ար­խի­ւի տնօ­րէ­նը նշեց, թէ աշ­խա­տու­թիւ­նը ապա­գա­յին պի­տի թարգ­մա­նուի նաեւ անգ­լե­րէ­նի։ «Կան նաեւ սեփականու­թեան վկա­յա­կան­ներ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կին տրուած են Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ ե­կե­ղե­ցա­կան հո­ղե­րու եւ կա­լուած­նե­րու հա­մար», ը­սաւ Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան։
Այս բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ, Վի­րա­բեան ընդգծեց փաս­տա­թուղ­թե­րու հրատարակ­ման ար­դիա­կա­նու­թիւ­նը՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան առաջնորդութեամբ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեան ներ­կա­յա­ցուած դի­մու­մի համագրին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ այդ դա­տա­կան դի­մու­մով կը պա­հան­ջուի Սի­սի եր­բեմ­նի կաթողիկո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին վե­րա­դար­ձը։
Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, որ կը շա­րու­նա­կուի արխի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րու թուայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ 2010 թուա­կա­նէն ի վեր կը տա­րուի այս աշ­խա­տան­քը, իսկ այս տա­րի թուայ­նա­ցուած է շուրջ 100 հա­զար փաստաթուղթ։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ՝ ցայ­սօր 1 մի­լիոն փաս­տա­թուղթ թուայ­նա­ցուած է։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի ար­խի­ւին մօտ ի պահ դրուած նիւ­թե­րուն քա­նա­կու­թիւ­նը կը հաս­նի շուրջ 350 մի­լիո­նի։ Վի­րա­բեան դի­տել տուաւ, որ ա­ռաջ­նա­հերթ ու­շադ­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յուի այն փաս­տա­թուղ­թե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնք մեծ հե­տաքրքրու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան։ Անոնց շար­քին կը գտնուին մար­դա­հա­մար­նե­րու տուեալ­նե­րը, մար­դոց ծագ­ման, տոհմածառե­րու մա­սին նիւ­թե­րը, ե­կե­ղեց­ւոյ չա­փա­բե­րա­կան մա­տեան­նե­րը՝ ծնունդ, կնունք։
Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը նոյն շար­ժա­ռի­թով պի­տի հրա­պա­րա­կէ նաեւ իր մօտ գտնուող բո­լոր փաստաթուղ­թե­րը, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ այդ գլխա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։
ԱՎի­րա­բեան մատ­նան­շեց, որ այ­սօր ա­ռա­ւել հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դարձած նիւթերը ո՛չ քա­ղա­քա­կան բնոյթ ու­նին, ո՛չ ալ մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­թուղ­թեր են։ Ըստ ի­րեն, Ազ­գա­յին Ար­խի­ւէն մար­դիկ այ­սօր ա­մե­նէն շատ կը հե­տաքրք­րուին ի­րենց տոհմա­ծա­ռին հետ։ «Ա­նոնք մար­դոց ծագ­ման, տոհ­մա­ծա­ռի վե­րա­բե­րեալ փաստաթուղթերն են։ Այ­սինքն, ե­թէ կը հե­տաքրքրուի, թէ ո՛վ ե­ղած է իր մեծ մեծ մեծ­ հայ­րը, փաս­տա­թուղ­թե­րու մի­ջո­ցաւ կրնայ ճշդել», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս ուղ­ղու­թեամբ ապա­ցոյց կը դառ­նան մարդահա­մար­նե­րու տուեալ­նե­րը, ո­րոնք 1817 թուա­կա­նէն սկսեալ Հա­յաս­տա­նի մէջ պարբե­րա­բար ի­րա­կա­նացուած են ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կողմէ, յե­տոյ՝ խորհրդա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու տա­րի­նե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցուած են երկ­րի տա­րած­քին, նաեւ Ար­ցա­խի մէջ ապ­րած մար­դոց տուեալ­նե­րը։ Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան աւել­ցուց, թէ տուեալ­նե­րը դուրս կը բե­րուին նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ չա­փա­բե­րա­կան մա­տեան­ներէն, ուր արձանագ­րուած են մար­դոց կե­ցու­թեան մա­սին փաս­տեր՝ ծնունդ, կնունք, ամուս­նու­թիւն, մահ ե­ւայլն։ Ի դէպ, տնօ­րէ­նը մատ­նան­շեց, թէ ըստ էու­թեան կնուն­քը արձա­նագրուած է, այն ժա­մա­նակ, երբ ե­րա­խան կնքած են՝ մին­չեւ քա­ռա­սուն օ­րուան դառ­նա­լը։


Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան ընդգծեց, որ վերջ ի վեր­ջոյ քա­ղա­քա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րը կը փոխուին, իշ­խա­նու­թիւն­ներ կու գան կ՚անց­նին, բայց մար­դոց պատ­մու­թիւ­նը կը մնայ նոյ­նը, թե­րեւս միայն կը կորսնց­նեն տոհ­մա­կան տիտ­ղոս­նե­րը։ «Հի­մա կը դի­մեն, որ­պէս­զի վերա­կանգ­նեն, օ­րի­նակ, Տէր կամ Մե­լիք տիտ­ղոս­նե­րը», ը­սաւ ան։

«Ժամանակ», 9 Յուլիս 2015