Ինչպէս մամուլով յայտարարուած էր, 28 Ապրիլին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը
Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ դատ բացաւ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի
վերադարձը։ Նկատի
ունենալով սոյն իրաւական քայլին պատմական նշանակութիւնը ու եզակի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ծիրին մէջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ «Հասկ»ը հարցազրոյց մը
ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի հետ, որ եղաւ նախաձեռնողը եւ մղիչ ուժը իրաւական այս աննախընթաց
քայլին։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label Արամ Ա. Կաթողիկոս. Show all posts
Showing posts with label Արամ Ա. Կաթողիկոս. Show all posts
6.5.15
15.8.13
Եկեղեցական նոր տագնապի մը դէմ յանդիման
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ազգային խնդիրներով քիչ թէ շատ մտահոգ հայ մարդ կ’ենթադրուի, թէ կարդացած պէտք է ըլլայ համացանցի ճամբով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին «խոտորումներուն» մասին շրջանառութեան դրուող գրութիւնները, որոնք յաւելեալ շեշտ ու ծաւալ եւ յաճախականութիւն ստացան՝ յատկապէս ֆրանսահայոց առաջնորդին հրաժարականէն ետք, հրաժարագրին ու անոր դրդապատճառին հրապարակումով, բացայայտումով:
Ստորագրուածները ընդհանրապէս կողմնորոշեալ յայտարարութիւններ են՝ ըստ պատշաճի մտահոգութիւն արտայայտող բանաձեւումներով: Միւսները ՝ անհասցէ ու հեղինակ(ներ)ի ինքնութիւնը անյայտ՝ «քահանաներու միութիւն», «Թորոնթոյի հաւատացեալներ» եւ այս կարգի տարտամ ստորագրութիւններով գրութիւններ, որոնց «լրջութիւնը» կը կայանայ հետաքրքրութիւն յարուցող իրենց բովանդակութեան մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթղ.ին մասին ըլլալուն համար:

28.9.11
Սառը ցնցուղ կամ իրերը իրենց անունով կոչելու ժամանակը
ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը Հայաստան-Սփիւռք Գ. համաժողովին
Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի խորհուրդէն ճառագայթող ոգիով ու շունչով, խանդով ու տեսիլքով լեցուն սա պահուն, երբ փորձենք իրապաշտ արժեւորումը կատարել վերջին քսան տարիներու Հայաստանի պատմութեան՝ իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, կրնանք անվարան վկայել թէ՝ հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական ահաւոր դժուարութիւններուն ու ճնշումներուն, այս կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին հրաշքի համազօր իրագործումներ կատարուեցան: Հետեւաբար, մեր ազգին պատմահայրը Մովսէս Խորենացին երբ մեզի հետ ըլլար պիտի ըսէր.- «Թէեւ եւ եմք ածու փոքր եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ…, սակայն բազում գործք արութեան գտանին եւ ի մերումս աշխարհի եւ արժանի գրոց յիշատակի»:
Subscribe to:
Posts (Atom)