Թուրք մամուլի որոշ անուններ այս խորագիրով կու տային լուրը, անդրադառնալով շաբաթավերջին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններուն դրուագներէն մէկուն:
Ընդդիմադիր ճակատի վերոնշեալ թերթերը կը գրէին, թէ ցուցարարները ցրուելու համար, թրքական ապահովութեան ուժերը «ֆութպոլի դաշտի մը նման, անարգելով՝ մտան Շիշլիի Հայոց գերեզմանատունը, ծուղակ լարեցին եւ ժողովուրդին վրայ արտասուաբեր ռումբեր արձակեցին»։
Այս առթիւ զուգահեռ մըն ալ կը կատարուէր այս դէպքին եւ քանի մը օր առաջ բանավէճի նիւթ դարձած երեւոյթի մը միջեւ: Արդարեւ, ոստիկաններէն խոյս տալու համար, որոշ ցուցարարներ մզկիթ ապաստանած էին եւ այս մասին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան ըսած էր. «Այդ անամօթները սրբապղծեցին մզկիթը՝ ոչ միայն հոն իրենց կօշիկներով մուտք գործելով, այլ նաեւ հոն գարեջուր խմելով. նոյնիսկ խմբովին սիրաբանողներ եղեր են»: Ցուցարարները վարկաբեկելու նպատակ հետապնդող այս արտայայտութիւնները մեծ աղմուկ բարձրացուցին եւ բուռն բանավէճերու տեղի տուին: Այդ պնդումները որակուեցան շինծու, որոնցմէ, հաւանաբար, միայն կօշիկով մուտքի վերաբերող բաժինը ճիշդ էր, բայց այս պարագային անարդար ու անտեղի՝ քանի մարդիկ իրենց կեանքը փրկելով մտահոգուած էին…: Ան խստօրէն դատապարտած էր նաեւ վիրաւորներու բուժումը՝ մզկիթէն ներս:
Հայոց գերեզմանատան մէջ կատարուած նշեալ միջամտութեան առթիւ յիշատակումը կ՚ըլլայ այս ամէնուն եւ հարց կը տրուի, թէ երբ վարչապետը չեղած բաները եղած ցոյց տալով աղմուկ կը բարձրացնէ, թէ անարգուած է պաշտամունքի վայր մը, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ անոր ոստիկանութիւնը ոչ մէկ անպատեհութիւն կը տեսնեն Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը թակարդ լարելու վայր գործածելու մէջ:

«Նոր Յառաջ», Յունիս 20, 2013
No comments:
Post a Comment