Showing posts with label Արազ Գոճայեան. Show all posts
Showing posts with label Արազ Գոճայեան. Show all posts

24.9.12

Ինքնութիւն եւ պայքար (դժուարին վերանայումներ, վերասահմանումներ)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
 
Որոշ յապաղումով կ՚անդրադառնամ «Ազդակ»-ի Յունիս 8-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Զաւարեանական էջ»-ի մէկ հարցազրոյցին, որ երկխօսութեան մը մէջ կը համատեղէ երկու երիտասարդուհիներ` լիբանանահայ Արազ Գոճայեանը եւ թրքահայ Ասլը Թիւրքէրը:
Չեմ գիտեր` բաւարար խորքով ըմբռնեցի՞նք տարողութիւնը երկխօսութեան այս երեւոյթին – եւ սկսելու համար` տարողութիւնը անոր մեկնակէտ «Ասլը-երեւոյթին»: Տարողութենէ աւելի, պէտք էր խօսիլ տակաւին` պարզ կարողականութեան մասին. երեւոյթները, իմ արժեւորումով որքան ալ աննախընթաց, իրենց իրացումը, իրականացումը պիտի կրնան գտնել միմիայն շնորհիւ մեր հաւաքական ատակութեան` զիրենք ընկալելու եւ գնահատելու…