Թէեւ թուրք հետազօտողներ (օրինակ՝ Թանէր Աքչամ) հրատարակած են ուսումնասիրութիւններ, որոնք հիմնուած են թրքական արխիւներու մատուցած տուեալներուն վրայ, եւ անոնց մէջ ի յայտ եկած են վաւերական արժէք ունեցող բազմաթիւ նիւթեր, անհերքելի է, որ այդ արխիւներուն «բաց»ի ու «գոց»ի հարցը ցոյց կու տայ փաստաթուղթերու մշակումէն ու ցուցակագրումէն աւելի անդին անցնող պետական քաղաքականութիւն մը, որուն փաստը վերջերս մատնանշուած էր Պոլսոյ Սապանճը համալսարանի դասախօս Խալիլ Պերքթայի՝ "Wikileaks"ի բացայայտումներուն մաս կազմող իր յայտարարութեան մէջ։ Այս առիթով, հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ հետեւեալ անստորագիր ակնարկը, որ լոյս տեսած է "Armweeklynews.am'' կայքէջին մէջ։