Showing posts with label Արա Գօչունեան. Show all posts
Showing posts with label Արա Գօչունեան. Show all posts

23.2.16

Ձեռնարկ՝ որ կը խոստանայ պայծառ ապագայ

 ԳԱՐԻՆ ՊԱԼ

Ի՞նչ կը նշանակէ դարաւոր անցեալ ունեցող լրագ­րի մը ներ­կա­յացու­ցի­չը ըլ­լալ 2016 թուակա­նին։ Հե­տեւե­լով 13 Փետ­րուար Շա­բաթ երե­կոյ Ֆե­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ «Շի­րինօղ­լու» սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­­պուած գի­­նեձօ­­նին, կրնանք հա­­մոզուիլ թէ «Ժա­­մանակ»ի այժմու հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րը լա­­ւագոյնս պար­­զած են այս հար­­ցումը։ 100 ամեակի ձօ­­նուած մատենա­­շարի մը առա­­ջին երեք գիր­­քե­­­րուն նուիրուած այս գրա­­կան մի­­ջոցա­­ռու­­մը, իր կար­­գին տե­­ղի կու տայ նոր մտո­­րումնե­­րու։

16.2.16

Դարերու միջեւ երթեւեկ

«Ժամանակ-100» մա­տե­նա­շա­րէն հրա­տա­րա­կուած ա­ռա­ջին ե­րեք գիր­քե­րու հա­մա­տեղ շնորհան­դէ­սը շա­բա­թա­վեր­ջին բնո­րո­շեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն օ­րա­կար­գը։ Իս­կա­պէս փայ­լուն ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, որ իր ո­րա­կով ու մա­կար­դա­կով ա­ռանձ­նա­ցաւ՝ ներ­կան եւ ան­ցեա­լը ըն­դե­լու­զե­լով։ Այս շնոր­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցան «Ժամանակ»-ի խմբա­գիր ու բա­նա­սէր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ լոյս տե­սած ե­րեք գիրքեր, ո­րոնք վեր­ջին շրջան­նե­րուն ար­ժա­նա­ցած են մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։ Այդ գիր­քերն են՝ «Ժամանակ» օ­րա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի (Քա­սիմ) «Օ­րուան մտա­ծում­ներ (1908-1913)»ը, Ե­րուանդ Սրմա­քէշ­խան­լեա­նի (Ե­րու­խան) «Փոքր Ա­սիոյ մէ­ջէն»ը եւ Ռու­բէն Զար­դա­րեա­նի «Յօ­դուած­ներ»ը։ Շուրջ դար մը ա­ռաջ «Ժամանակ» օ­րա­թեր­թին մէջ լոյս տեսած յօ­դուած­նե­րու այս ժո­ղո­վա­ծո­նե­րը թէ՛ լոյս կը սփռեն ի­րենց գրի առ­նուած ժամանակաշր­ջա­նին վրայ եւ թէ շատ յատ­կան­շա­կան զու­գա­հե­ռա­կան­ներ ու­նին մեր ար­դի ժա­մա­նա­կի օ­րա­կար­գին հետ։ Այս հան­գա­ման­քը ուղ­ղա­կիօ­րէն կը պայ­մա­նա­ւո­րէ այս գիրքերուն ար­ժէ­քը, իսկ Շա­բաթ, 13 Փետրուարի օձեռ­նար­կը դա­րե­րու մի­ջեւ եր­թե­ւե­կե­լու հնարաւորութիւն ըն­ձե­ռեց գի­նե­ձօ­նի հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, յի­շեալ գիր­քե­րը ար­ժե­ւո­րե­լու, ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ գրա­սէր­նե­րուն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու հա­մար հա­մախմ­բուած էին հե­ղի­նա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնք իս­կա­պէս ար­դա­րա­ցու­ցին ի­րենց վրայ դրուած յոյ­սը ու շատ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը ստեղ­ծել յա­ջո­ղե­ցան թէ՛ այդ երեք գիր­քե­րուն եւ թէ ա­նոնց բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ար­ծար­ծուած զա­նա­զան նիւ­թե­րուն շուրջ։

27.11.13

Թուրքիան 100ամեակի նախօրեակին. հարցազրոյց Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի խմբագրապետ Արա Գօչունեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ


Հարցում - Կարելի՞ է պարզաբանել ընդհանրապէս թրքահայութեան եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ հայերու ապրած ներկայ վիճակը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ փոխ-յարաբերութիւններու առումով։ Ինչպէս գիտենք, կան քանի մը բնագաւառներ ինչպէս՝ կալուածներու վերադարձի հարցը, Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով թուրք հասարակութեան եւ ի մասնաւորի նոր մտաւորականութեան նոր մօտեցումները, գաւառներու մէջ քիւրտերու հետ զարգացումները՝ յատկապէս Տիգրանակերտի շրջանի պարագան, եւայլն։ Կ՚ուզէինք նշեալ նիւթերու շուրջ այժմու իրավիճակին յստակ պատկերը ունենալ։
Արա Գօչունեան - Այո, հարցադրումները շատ են։ Կալուածներու խնդիրը աւելի քան տասը տարուան գործընթացի անցեալ ունի, գիտէք, իրադարձութիւնները երբեմն գետի նման կը վարարին եւ յետոյ կը հանդարտին, սակայն կը մնայ շարունակականութիւնը, իսկ ներկայ հանգրուանի մեկնակէտը պայմանաւորուած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացով։ Երբ Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցելու թեկնածու ճանչցուեցաւ, երկրին մէջ սկսաւ բազմակողմանի բարեփոխումներու գործընթաց մը, որ իր հետ բերաւ նաեւ զանազան օրէնսդրական կարգադրութիւններ՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն համար, որոնք ունէին տասնեակ տարիներու ընթացքին կուտակուած խնդիրներ։