Showing posts with label հայ ուսանող. Show all posts
Showing posts with label հայ ուսանող. Show all posts

29.10.12

Ժամանակն է այլեւս խօսքերէ եւ աժան քննադատութիւններէ անդին անցնելու

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 

Կ'ապրինք օրեր, երբ մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, մեր որպէս ազգ գոյատեւման հարցը լուրջ նիւթ մըն է, զոր կարելի չէ թեթեւի առնել: Ժամանակի գործօնը անշուշտ իր բնական դերը կը խաղայ - ինչ որ կը վերաբերի սփիւռքահայութեան՝ զինք պարբակող այլ հաւաքականութիւններու մէջ ձուլումի երեւոյթին:
Ազգային, կրթական եւ ընկերային մտահոգութիւններ եւ զանազան երեւոյթներ բացատրելու եւ համապատասխան լուծումներ գտնելու համար, սակայն, մենք ընդհանրապէս չունինք համապատասխան մասնագիտական բաւարար ուսումնասիրութիւններ եւ գիտական մօտեցում, իսկ մեր հետաքրքրութիւնն ու մտահոգութիւնը դժբախտաբար շատ յաճախ չեն անցնիր տեսական խրատականներու եւ աժան քննադատութիւններու սահամանները: