Showing posts with label սուրիական տագնապ. Show all posts
Showing posts with label սուրիական տագնապ. Show all posts

26.11.12

Ի՞նչ ընել՝ Հալէպը փրկելու համար (խորհրդաժողովի մը հետքերով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

«Ինչպիսի՞ վտանգաւոր փորձութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի հալէպահայութիւնը այսօր եւ ի՞նչ կրնայ ընել մասնաւորաբար մտաւորականութիւնը՝ տագնապը կամ աղէտը շրջանցելու համար»։
Առաւելաբար ա՚յս հարցումին է որ պատասխան մը փորձեցին գտնել այն յիսուն հրաւիրեալները, որոնք համախմբուեցան Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2012-ին։

19.11.12

Նշմարներ Հալէպի առօրեայէն (Դ.)

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
«Թիփի բորան մութ գիշերին,
Պըտըտում էր ֆետային,
Փամփուշտները խաչկապ կապած,
Հրացաններ ուսերնին»

Մեր անձնուրաց երիտասարդութեան ձօնուած դիւցազներգութիւն մըն է, որ մեծ խանդավառութեամբ կը մեկնաբանուի խրախճանքներու ընթացքին եւ խարուկահանդէսներու կրակին շուրջ:
Քիչեր են սակայն, որ պատիւն ու բախտը ունեցած են այդ երգին դերակատարները ըլլալու:
Աւելի քան հարիւր քսան տարի առաջ Արեւմտահայաստանի մէջ հայդուկներու սխրանքներէն հմայուած` ժողովուրդին կողմէ հիւսուած են այս եւ այլ երգեր, որ սերունդներու կ՛ուսուցուին աղօթքէն ետք եւ դասերէն առաջ:
«Եկուր մեր թաղը, չորս օրերէ ի վեր ելեկտրական հոսանքը անջատուած է, եւ մութին մէջ դիտէ մեր եաւրիկները»:

18.11.12

Նշմարներ Հալէպի առօրեայէն (Գ.)

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Օրացոյցի թերթիկը կը պատռեմ, Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր, «Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոյ», մինչ զարթնումէս ետք պատշգամ կ՛ելլեմ մաքուր օդ շնչելու, զզուելի վառօդի հոտը կը լեցուի թոքերէս ներս, գիշերային ընդհարումներու ընթացքին արձակուած ծանր զէնքերու աւերիչ ազդեցութիւնը կը շարունակէ իր մաղթը արշալոյսի թթուածինը չէզոքացնելով:
Այսօր հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներու մեծագոյն տօնն է, մեր գոյութեան գրաւականը, մեր լինելիութեան խարիսխը եւ մեր դարաւոր վահանը եղած է այդ գիւտին փառքը, իսկ Ս. Մեսրոպը` մեր մեծերու շարքին խոշորագոյն դէմքը:
Մշակոյթի ամիս է, սակայն կործանումի եւ կոտորածի օրեր կ՛ապրինք, կրթական օճախները փակ կը մնան տակաւին:

13.11.12

Նշմարներ Հալէպի առօրեայէն (Բ.)

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Աշնանային զով առաւօտներուն վերամուտի մթնոլորտ կը տիրէր Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ:
Հաճելի էր սուրճի գաւաթին դիմաց նստիլ եւ պատշգամէն դիտել դպրոցական նոր համազգեստներով եւ պայուսակները իրենց կռնակին շալկած` մատղաշ սերունդի մեր արիւնակիցներուն շքեղ երթը դէպի կրթական ամրոցներ:
Ոմանք հետիոտն կ՛ուղղուին վարժարան: Ուրիշներ փողոցներու անկիւնները կամ նշանակուած կեդրոններ կը հաւաքուին` դպրոցի հանրաշարժը սպասելու: Փոքրիկներուն այդ սպասման կ՛ընկերակցի իրենց ծնողներէն մին, երբեմն` մեծ մայրը կամ մեծ հայրը, որոնց համար գերհաճոյք մըն է այդ յոգնութիւնը:

11.11.12

Նշմարներ Հալէպի առօրեայէն (Ա.)

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

«ԶՀԱՑ ՄԵՐ ՀԱՆԱՊԱԶՈՐԴ ՏՈՒՐ ՄԵԶ ԱՅՍՕՐ»։ Տէրունական աղօթքին մէջ Աստուծոյ փառաբանութենէն ետք յիշուած այս աղերսանքը որեւէ ժամանակէ աւելի իմաստալից հառաչանք մըն էր հայկական թաղերու մէջ, Հալէպ քաղաքի ծանօթ դէպքերու առաջին օրերուն. ընդհանրապէս ամէն տեղ հացի չնախատեսուած տագնապ մը կար, որուն չէր պատրաստուած քաղաքացին:
Արտասահմանէն հարազատներ եւ բարեկամներ յաճախ երբ կապ կը հաստատեն մեզի հետ, մեր որպիսութիւնը եւ ապահովութիւնը ստուգելէ ետք, իրենց երկրորդ հարցումը կ՛ըլլայ` «Հաց ունի՞ք… ուտելիք ունի՞ք…»: