ԶԱԻԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Յոբելեանները յուզումնախառն առիթներ են արժեւորելու վաստակը վաստակի արժան մարդոց, կշռելու թանկագին ծանրութիւնը այդ վաստակին եւ շնորհաւորելու վաստակեալը որ գիտակցած է, կը գիտակցի եւ պիտի գիտակցի իր ի վերուստ ստացածը մշակել, կոփել եւ ազնուացնել միտքի թռիչքով եւ սիրտի տրոփումով:
Ի վերուստ ստացածը... ի վերուստ կը ստանայ նա՛մանաւանդ այն մարդը, որ հասակ կ՛առնէ շուքին տակ լերան, կ՛ապրի կարօտովը այդ լերան: Նա՛մանաւանդ այն մարդը, որուն սիրտին մէջ կը մնայ լեռնացած այդ լերան խորհուրդը:
Հաւատքը լեռներ կը շարժէ,- կ՛ըսեն լերան խորհուրդը իրենց հոգեւոր տունը համարող լեռնցի մարդիկ: Այդ լեռնցի մարդոցմէ է այսօրուան մեր յոբելեարը՝ մեր բոլորիս սիրելի եւ յարգելի Սրբազան Հայրը (*): Հայաշունչ եւ հայատրոփ Քեսապի երախտագէտ եւ կարօտակէզ որդին՝ Կասիոս լերան ստորոտին իրենց սիրոյ բոյնը հիւսած Յովհաննէս Գլընճեանի եւ Աննա Թիթիզեանի: