ԼՈՌԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ-ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ
Օգոստոսին Լիբանան կը գտնուէր Հալէպի «Գանձասար»
շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը, որուն հետ «Վանայ Ձայն»
ռատիոժամը կատարած է հարցազրոյց մը` սուրիահայութեան այսօրուան վիճակին, դիմագրաւած
դժուարութիւններուն, կենցաղային հարցերուն եւ թերթին գոյատեւման մասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին հիմնական բաժինները:
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Կ՛ուզեմ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը յայտնել ձեզի
ձեր տարած աշխատանքին համար, կը հաւատամ, որ պէտք է աղօթենք ձեզի համար,
որպէսզի կարենաք շարունակել: Գիտենք, որ այսօր հալէպահայութիւնը դժուար
պայմաններու մէջ կ’ապրի, ինչպէ՞ս կը տոկայ ու կը շարունակէ:
ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Սուրիահայութիւնը եւ մասնաւորաբար
հալէպահայութիւնը այսօր կը տոկան, թէեւ անբնական պայմաններու մէջ կ՛ապրին:
Երեք տարիէ ի վեր Հալէպի մէջ ապահովական, կենցաղային շատ ծանր վիճակ կը
տիրէ, բայց վերջին ամիսներուն վիճակը շատ աւելի ծանրացաւ, մեզի համար աւելի
վատ կացութիւն կը ստեղծուի, յատկապէս երբ շարունակ կորուստներ կ՛ունենանք,
անմարդկային դէպքեր կը պատահին, հրթիռներ կ՛իյնան անկանխատեսելի կերպով,
եւ մարդիկ զոհ կ՛երթան: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնան կենցաղային ծանր
պայմաններ` ջուրի, ելեկտրականութեան, սղաճի, մէկ խօսքով` մարդկային
անտանելի վիճակ, եւ հակառակ այս բոլորին` տակաւին կը գոյատեւենք, որովհետեւ
հալէպահայը իր բարոյական կորովը բարձր պահած է եւ անկումի չէ ենթարկուած,
օրինակ` ամէնէն չքաւորն անգամ կը ջանայ ամէն կերպով իր օրապահիկը ապահովել
եւ ձեռք չերկարել մէկուն` իր արժանապատուութիւնը բարձր պահելով:
«Վ. Ձ.».- Այս օրերուն Հալէպի մէջ ի՞նչ վիճակ կը տիրէ ապահովական
իմաստով, գիտենք, որ կենցաղային շատ դաժան օրեր են մասնաւորաբար ամրան
տաքին, երբ չկայ ելեկտրականութիւն, չկայ ջուր եւ կայ անապահով վիճակ:
Զ. Պ.- Այս տարի ռազմական առումով զօրքը որոշ
շրջաններու մէջ յառաջխաղացք արձանագրեց` իր գերիշխանութիւնը տարածելով:
Յաջողեցաւ որոշ շրջաններ ազատագրել ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Բայց
կացութիւնը կը շարունակէ մնալ անապահով, որովհետեւ զինեալ խմբաւորումներ
խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ դարձուցած են` երբեմն վրէժխնդրութեան նպատակով,
երբեմն դիտմամբ, որպէսզի ժողովուրդը ստիպուած` լքէ ապրած շրջանը ու
հեռանայ: Մեր հայկական շրջանները, թաղամասերը բանակին կողմէ պաշտպանուած
են, թէեւ ուղղակի յարձակումներ, բախումներ չեն ըլլար, բայց կը մնան
անապահով, որովհետեւ անհաշիւ հրթիռակոծումներ կ՛ըլլան անկանխատեսելի
ժամերու եւ վայրերու մէջ. պատկերացուցէք` եկեղեցիներու, դպրոցներու,
բնակավայրերու մէջ եւ ամէն տեղ վտանգի ենթակայ է ոչ միայն հալէպահայը, այլ`
սուրիացի հասարակ քաղաքացին:
«Վ. Ձ.».- Անցեալ տարի միջազգային կամ արաբական մամուլին հետեւելով`
շատ աւելի լաւ կը տեղեկանայինք բանակին յառաջխաղացքին մասին, այսինքն կը
հետեւէինք, թէ ինչպէս Հալէպ նահանգի մէկ մասին մէջ զինեալ ահաբեկչական
խմբաւորումները կրցեր են ռազմավարական դիրքեր գրաւել, կամ նահանջել, կամ
բանակի շրջափակումը ձեւով մը մէկ կողմէն բանալ: Արդեօք այսօրուան պատկերը
ինչպէ՞ս կը ներկայացուի, մղուած մարտերէն տեղեա՞կ է հալէպահայը, թէ՞ չի
գիտեր` ի՛նչ կ՛անցնի ու կը դառնայ Հալէպի արուարձաններուն մէջ կամ քաղաքէն
քիչ մը դուրս:
Զ. Պ.- Արուարձաններուն մէջ բախումներ միշտ ալ տեղի
կ՛ունենան, զօրքը ունի իր ռազմավարութիւնը, որուն համապատասխան կը շարժի եւ
հանգրուանային յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ: Յաճախ կը պատահի, որ հասարակ
բնակչութիւնը տեղեակ չ՛ըլլար այդ բոլորէն, օրինակ` մենք Հալէպէն դուրս
գալու միջոցներ չունէինք նախորդ տարի. Հալէպ անջատուած էր Սուրիոյ միւս
քաղաքներէն, նոյնիսկ սննդամթերք մտցնել հնարաւոր չէր: Այդ նշանաւոր
Խանասերի ճամբան բարեբախտաբար բացուեցաւ, որուն իբրեւ արդիւնք թէ՛
բնակչութիւնը երթեւեկութեան հնարաւորութիւն ունեցաւ եւ թէ՛ սնունդի եւ
մարդասիրական օժանդակութիւններ մատակարարելու առիթ ստեղծուեցաւ: Այո՛,
հանգրուան մը անցուցինք, երբ սովորական սնունդը դժուարութեամբ կը մտնէր
Հալէպ, կամ մեծ դժուարութեամբ Հալէպի արեւելեան շրջանէն արեւմտեան շրջան կը
փոխադրուէր: Ահաբեկիչները կը փակէին ճամբան եւ թոյլ չէին տար, որ սնունդ
մտնէ քաղաքին միւս շրջանները:
«Վ. Ձ.».- Տակաւին արձակազէն կա՞յ Խանասերի ճամբուն վրայ: Եթէ հայ
մը Հալէպէն Պէյրութ պիտի գայ, կրնա՞յ իր թաղամասէն ապահով ինքնաշարժով կամ
հանրային կառքով ճամբայ ելլել եւ հասնիլ Լիբանան, հակառակ անոր որ այդ
ճամբորդութիւնը կրնայ 13 ժամ տեւել:
Զ. Պ.- Նախ ըսեմ, որ արձակազէն չկայ, ճամբան զօրքին
գերիշխանութեան տակն է: Իսկ սեփական մեքենաները ապահովութեան համար տակաւին
հանրակառքերու կողքին կ՛ուզեն քալել, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ անակնկալ
ի՛նչ կացութիւններ կրնան ստեղծուիլ: Ներկայիս զինեալ խմբաւորումներու
անցարգելներ չկան, միայն բանակին կողմէ զետեղուածներն են:
«Վ.Ձ.».- Գիտենք, որ սուրիահայութեան օժանդակութեան համար կը գործէ
շտապ մարմին մասնաւորաբար Հալէպի մէջ: Այդ մարմինը հալէպահայութեան ամսական
դրութեամբ ինչպիսի՞ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ, եւ եթէ արտակարգ վիճակ
ստեղծուի, օրինակ` հայահոծ շրջանի մը մէջ հրթիռարձակում կատարուի եւ ըլլան
վիրաւորներ, աշխատանքը ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ:
Զ. Պ.- Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ
վերականգնումի մարմինը երեք համայնքներու հովանաւորութեամբ կը գործէ ոչ
միայն Հալէպի, այլ Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ, ուր իր գործադիր
մարմինները ունի: Շտապ օգնութեան մարմինը տարբեր բնագաւառներու մէջ իր
օժանդակութիւնները կը տրամադրէ, եւ առաւելաբար սննդակողովներով կ՛օժանդակէ
աւելի քան 1700 ընտանիքի Հալէպի մէջ: Առողջապահական մարզին մէջ կը հասնի
բոլոր անոնց, որոնք կը վիրաւորուին, արտակարգ վիճակի մէջ կը գտնուին:
Նիւթական օժանդակութիւններ կը յատկացնէ ընտանիքներու: Կ՛այցելէ
հիւանդանոցներն ու վիրաւորներուն: Բնակարանային վնաս ունեցողներուն կը
ջանայ օգնել եւ որոշ ուղղութիւններ կու տայ, որ գիտնան, թէ ի՛նչ ձեւով
կարելի է պետական կառոյցներէն օգտուիլ: Շտապ օգնութեան մարմինը աշխատանք
տարաւ նաեւ Նոր Գիւղի հրթիռակոծման օրերուն, երբ աղէտի գօտի հռչակուեցաւ
Նոր Գիւղը 2-3 յունիսին, այդ դէպքերը պէտք է առանձին լուսարձակի տակ առնել:
Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակն էր: Յստակ էր, որ Նոր
Գիւղը թիրախ դարձած էր եւ յատկապէս` Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի թաղամասը,
ուր կան մեր դպրոցները` Սահակեան, Հայկազեան, Ք. Եփփէ Ճեմարան, մեր
ակումբները, ազգային հաստատութիւնները, Օգնութեան խաչի բժշկական կեդրոնը,
տպարան «Արեւելք»-ը, ազգապատկան շէնքերը, բոլորը դժբախտաբար թիրախ դարձան:
Կրնամ ըսել, որ Նոր Գիւղի նիւթական վնասները ահաւոր մեծ են, կառոյցի
իմաստով վնասուեցան տպարանը, Սիսի համալիրը, մէկ խօսքով, Նոր Գիւղ եթէ
մտնէք, այլ պատկեր է այնտեղ, որովհետեւ երկու օրուան մէջ աւելի քան 200
հրթիռ արձակուեցաւ բնակարաններուն վրայ: Հրթիռները կազի տակառներ էին,
որոնց պայթումով շատ աւելի մեծ ճնշում տեղի կ՛ունենար եւ շէնքերը փուլ կու
գային: Հակառակ այս բոլորին` Նոր Գիւղի տղաքը հրաշալի աշխատանք տարին
այդտեղ եւ մինչեւ օրս ժողովուրդին կողքին են:
«Վ. Ձ.».- Բնականաբար փլած յարկաբաժիններուն համար պահակութիւնն ալ
անհրաժեշտ էր, որպէսզի այդ տուներուն ինչքերը չթալանուէին. եթէ խօսինք
ճեմարանի մասին, այնտեղ գոյութիւն ունի՞ն արխիւներ, գիրքեր եւ այլն:
«Զ.Պ.».- Անկախ ինչքերէն, շտապ օգնութեան մարմինը
առաջին հերթին հասաւ անապահով բնակիչներուն, որովհետեւ երբ փուլ կու գայ
տունը, բնակիչները մէջտեղ կը մնան, եւ կը դիմեն Նոր Գիւղի տղոց, որոնք
անմիջապէս կը հասնին օգնութեան: Առաջին օրերը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի
եկեղեցւոյ ներքնասրահը ապաստան գտան, իսկ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբը
փութաց օգնութեան, մինչեւ որ ընտանիքներ դարձան տուն:
Ոմանք վերադարձան, իսկ ոմանց ալ շտապ օգնութեան մարմինը բնակարաններ
տրամադրեց, որովհետեւ անոնց բնակարանները անբնակելի եւ քանդուած էին:
Տուներու նիւթական վնասները ահաւոր են, հակառակ այս բոլորին` Նոր Գիւղի
մէջ տակաւին ապրողներ կան:
«Վ. Ձ.».- Յիշեցինք նաեւ ՍՕԽ ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ նաեւ այս
օրերուն կը կարծեմ շատ կարեւոր դեր ունի կատարելիք: Կեդրոնը
հրթիռարձակումներէն ետք չգործեց որոշ ժամանակ մը, բայց անկէ ետք կրցաւ
վերականգնիլ, այսինքն կ՛ուզեմ, որ խօսիս կեդրոնի աշխատանքներուն մասին,
ինչպէ՞ս կարելի եղաւ զայն վերականգնել:
Զ. Պ.- ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը լուրջ վնասներ
կրեց նաեւ կառոյցի իմաստով, եւ հակառակ անոր որ հնարաւոր չէր
երթեւեկութիւնը, բայց Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը եւ ՀՕՄ-ի
Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները յարմար նկատեցին կրկին կեանքի
կոչել, որովհետեւ դարմանատան աշխատանքը կեդրոնացած էր Նոր Գիւղի
բնակչութեան օգնելու ուղղութեան վրայ: Այսինքն պէտք էր այդտեղ կեդրոն մը
ըլլար, որպէսզի ապրողներուն անմիջական օգնութիւն հասցնէին, եւ այսպէս
կրկին աշխատանքի կոչուեցաւ եւ կը գործէ մինչեւ այսօր:
«Վ. Ձ.».-Դպրոցներու մասին կը խօսէինք, մենք գիտենք, որ անցեալ
տարեշրջանին Նոր Գիւղի դպրոցները չգործեցին իրենց կառոյցներուն մէջ եւ
փոխարէնը օգտագործեցին Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ գտնուող Ազգ. Կիւլպէնկեան
վարժարանին շէնքը: Սեպտեմբերին վերամուտ է, ի՞նչ ծրագիրներ նախատեսուած
են:
Զ. Պ.- Համայնքի մը գոյատեւումը մեծապէս կախեալ է իր
դպրոցներու կայունութենէն, եթէ ոչ որպէս կառոյց, գոնէ` որպէս գոյութիւն,
որպէս ուսումնառութիւն: Հակառակ Հալէպի ազգային, միութենական կամ
յարանուանական դպրոցներուն կրած կառուցային իմաստով մեծ վնասներուն`
շարունակեցին իրենց գոյութիւնը: Աշակերտներու թիւը համեմատաբար նուազեցաւ,
բայց ճնշող տոկոս մը գոյատեւեց: Դպրոցները տարբերակներ գտան եւ
ուսումնական ընթացքը ի գին ամէն ինչի շարունակեցին եւ ունեցան
յաջողութիւններու բարձր տոկոսներ: Աշակերտները հակառակ բոլոր
դժուարութիւններուն` ջուրի չգոյութեան, սնունդի պակասին, ելեկտրական
հոսանքի չգոյութեան կրցան պատուաբեր նիշերով իրենց ուսումնական հանգրուանը
բոլորել:
«Վ. Ձ.».- Ուսումնական տարեշրջանը պսակուեցաւ նաեւ ամավերջի
հանդէսներով, մենք տեսանք այդ բոլորը, տակաւին պիտի ուզեմ խօսիլ մեր
կազմակերպութիւններուն մասին, խօսքս միութենական աշխատանքներու մասին է:
Զ. Պ.- Տակաւին յստակ չէ, թէ որքան համեմատութեամբ
հալէպահայեր վերամուտին պիտի վերադառնան Հալէպ, այնուամենայնիւ կայ
մեծամասնութիւն մը, որ կը շարունակէ ապրիլ Հալէպ, գաղութը կանգուն է ու կը
գործէ իր միութիւններով եւ դպրոցներով:
«Վ. Ձ.».- Ձեր հաղորդումներուն շնորհիւ կը տեսնէինք միութիւններու
աշխատանքը` Համազգայինի պարախումբի ելոյթ, երգչախումբի ելոյթ, ՀՄԸՄ-ի
95-ամեակ եւ այլ հանդիսութիւններ: Յատկանշական էր Դաշնակցութեան 123-ամեակի
տօնակատարութիւնը, այլ խօսքով` բոլոր առիթները յաւուր պատաշաճի կը նշուին
գաղութին մէջ` ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:
Զ. Պ.- Հալէպի մէջ միութենական աշխուժ կեանքը մեծ դեր
ունեցաւ բարոյապէս եւ հոգեպէս կանգուն պահելու գաղութը: Եթէ չըլլային այս
միութիւնները, եթէ չըլլային դպրոցները, շատ աւելի արագ փուլ կու գար
համայնքը, որովհետեւ գործունէութիւններն են, որ համախումբ պահեցին
ժողովուրդը, բոլոր միութիւնները ձեռք-ձեռքի տալով` յաջողեցան համախոհ
աշխատիլ ու հոգեպէս աշխուժ պահել համայնքը, որ չյուսալքուի: Իրապէս այս
եզակի երեւոյթը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ համայնքի գոյատեւման
ընթացքին:
«Վ. Ձ.».- Խօսինք նաեւ հալէպահայութեան կամաւոր աշխատանքին մասին, զոր կը կատարեն տարբեր տարիքի պատկանող հայորդիներ:
Զ. Պ.- Հալէպի մէջ երիտասարդութեան կողքին իգական սեռը
իր դերը ունեցաւ եւ նպաստը բերաւ: Օգնութեան խաչի եւ բարեսիրական այլ
կազմակերպութիւններու շնորհիւ, հայ կինը եւ հայ օրիորդը նեցուկ կանգնեցան
տղամարդուն` պահելով իրենց ընտանիքը, տոկալով, ուժ տալով, կորով
ներշնչելով, միութենական ծառայութիւններով, բարեսիրական աշխատանքներով,
շտապ օգնութեան մարմիններու միջոցով, ճաշեր պատրաստելով, հիւանդներու
օգնութեան փութալով եւ այլն: Պէտք է յիշել, որ պահակ երիտասարդներու կողքին
ունինք կամաւոր երիտասարդներ, որոնք կու գան եւ պատրաստակամութիւն կը
յայտնեն ծառայելու եւ օգնելու: Երիտասարդները կամաւորաբար պատանիներուն եւ
մանուկներուն ամառնային ծրագիրներ կը պատրաստեն: Շտապ օգնութեան
երիտասարդներուն կողքին մեր պահակ տղաքը կացութիւններու համեմատ
օգնութիւններու տարբեր ձեւեր ստեղծելով` կը փութան օգնութեան, օրինակ`
ջուրի չգոյութեան ժամանակ աշխատեցան տարբեր շրջաններէն ջուր մատակարարել ոչ
միայն հայերուն, այլ` անխտիր ամբողջ Հալէպի բնակչութեան, բոլորին օգտակար
դարձան. երբ հացի տագնապ կար, տուն-տուն հաց կը մատակարարէին, եւ այսպէս,
կացութիւններու համեմատ, իրենք օգնութեան ձեւերը կը ստեղծէին, կը յարմարէին
եւ օգնութեան կը հասնէին բոլորին առանց խտրութիւն դնելու:
«Վ. Ձ.».- Կ՛ուզեմ, որ տեղեկացնես մեզի Քեսապի մասին: Ճիշդ է, որ
Քեսապ ազատագրուած է եւ կը գտնուի սուրիական բանակին հսկողութեան տակ,
թերեւս շատեր վերադարձած են տուն եւ կը փորձեն վերականգնել թալանուած իրենց
տուներն ու հողերը: Այսօր Քեսապ ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ:
Զ.Պ.- Քեսապի ազատագրութիւնը մեծ յաղթանակ է: Անիկա
մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունի. կիլիկեան մեր ոստանն է: Քեսապի արագ
ազատագրման շնորհիւ` քեսապահայութիւնը գաղթի չդիմեց: Շտապ օգնութեան
համահայկական մեր բոլոր կառոյցները, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Մայր Աթոռ
Սուրբ Էջմիածինը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, բոլորն ալ
քարոզչական եւ նիւթական իմաստով փութացին օգնութեան սուրիահայութեան
ընդհանրապէս եւ քեսապահայութեան յատկապէս: Քեսապի վերականգնումը նիւթական
մեծ կարիքներու կը կարօտի, կը հաւատամ, որ համախմբուած ճիգերով եւ
հանգրուանաբար կը յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն:
Եթէ կենցաղային պայմանները բարելաւուին, ընտանիքները աւելի մեծ թափով կը
դառնան եւ ենթակառոյցներու աստիճանական վերականգնումով դպրոցներն ալ կը
սկսին գործել:
«Վ. Ձ.».- Խօսեցանք Հալէպի եւ Քեսապի մասին, Հոմսի մէջ արդէն հայ չէ
մնացած, իսկ Դամասկոս համեմատաբար աւելի ապահով վիճակ կը ներկայացնէ, այժմ
խօսինք Գամիշլիի մասին, այնտեղի հայութեան, եթէ կան տեղեկութիւններ:
Զ. Պ.- Գամիշլիի հայերը փոքրամասնութիւն են: Անոնց
պարագան ալ բաւական մտահոգիչ է, որովհետեւ ելքի միջոցներ չունին, բայց
լուրջ վտանգ չապրեցան, եւ յուսանք, որ չապրին: Ունին իրենց
դժուարութիւնները` կենցաղային եւ տնտեսական, բայց ապահովական իմաստով
խնդիրներ չկան այնտեղ: Տէր Զօր, Հասիչէ, Ռաքքա հայ չմնաց, բոլորն ալ եկան
եւ հաստատուեցան հայկական շրջաններու մէջ :
«Վ. Ձ.».- Բարեբախտաբար այս օրերուն ունինք համացանց եւ աշխարհէն
անջատուած չենք, ինչպէս` նախորդ տարիներուն, երբ հաղորդակցութեան լուրջ
դժուարութիւններ ունէինք: Այդ օրերուն լրատուութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարէիք,
ինչպէ՞ս կը հասցնէիք լուրերը, խօսինք մասնագիտական աշխատանքին մասին:
Պատահած իրադարձութեան մասին ինչպէ՞ս կը փոխանցէիք, երբ հաղորդակցութեան
միջոցները ընդհատուած կ՛ըլլային:
Զ. Պ..-Համացանցի չգոյութեան պարագային հեռաձայնային
կապերէն կ՛օգտուէինք: Կը փորձէինք նկարահանել եւ նկարները սկաւառակներով
ճամբորդներու միջոցով տեղ հասցնել ու մեր ձայնը լսելի դարձնել: Համացանցի
ներկայութեամբ դիւրացաւ մեր աշխատանքը: Առաջին տարին փորձառութիւն
չունէինք, որովհետեւ պատերազմական վիճակ չէինք ապրած: Հալէպի
լրատուամիջոցը` գլխաւորաբար «Գանձասար» պաշտօնաթերթն էր եւ «Երկիր
Մետիա»-ն: Յետոյ ինքնաբերաբար սկսան ստեղծուիլ ոչ պաշտօնական կայքեր, որոնք
անհատական ճիգերով սկսան Հալէպի ժողովուրդին տագնապը արտացոլացնել:
Ներկայիս «Երկիր Մետիա»-ի եւ «Գանձասար» պաշտօնաթերթի միջոցով կը փորձենք
օրական լրատուութեամբ օրը օրին հասցնել լուրերը: Իսկ «Բերիոյ Նիւզ»
Դիմատետրի էջը անհատական նախաձեռնութիւն է:
«Վ. Ձ.».- Պատերազմին պատճառով բնականաբար «Գանձասար» շաբաթաթերթի
աշխատանքի ձեւն ու բնոյթը փոխուեցաւ: Դուք այսօր պարտաւոր էք շատ արագ
լուրեր հասցնել հայութեան:
Աշխատանքային ի՞նչ առաջնահերթութիւններ փոխուեցան, ինչպիսի՞
պատշաճեցումներ կատարեցիք, որպէսզի պատերազմական առօրեան նաեւ փոխանցէք
ամբողջ աշխարհին, մանաւանդ որ դուք էք միակ լրատուական աղբիւրը Հալէպի եւ
Սուրիոյ մէջ, ուրիշ չկայ:
Զ.Պ..-«Գանձասար»-ը սուրիահայութեան միակ
պաշտօնաթերթն է, հայկական ուրիշ թերթ չունինք: Անիկա պատերազմի երեք
տարիներուն ընթացքին անխափան կերպով շարունակեց իր առաքելութիւնը`
հրատարակուելով մինչեւ այսօր: Տպարան «Արեւելք»-ը թիրախ դարձաւ եւ
ռմբակոծուեցաւ, բայց երկու օր ընդմիջումէն ետք տպարանին աշխատանքը
վերսկսաւ: Շաբաթաթերթը ոչ միայն ելեկտրոնային տարբերակով լոյս կը տեսնէ,
այլ ամէն շաբաթ կը հրատարակուի եւ կը բաժնուի Հալէպի հայ հասարակութեան
նուազ տպաքանակով, որովհետեւ բնակչութեան թիւը նուազած է: Հալէպի մէջ
պետական թերթեր չեն տպուիր, օրինակ` Հալէպի «Ճամահիր» յայտնի թերթը երեք
տարիէ ի վեր չի հրատարակուիր: Ուրեմն պատկերացուցէք` ինչպիսի՜ զոհողութեամբ
կը հրատարակուի «Գանձասար»-ը: Շնորհիւ հաւաքական աշխատանքին, ամէն տեսակի
դժուարութիւններ` թուղթի, մելանի, ելեկտրականութեան, յաղթահարեցինք:
Նիւթական դժուարութիւնները ամենածանրներն են, որովհետեւ ամէն ինչի գին
կրկնապատկուած է, տասնապատկուած: Վերջին շրջանին աւելի արագ լրահոսի
դրութիւնը ստեղծեցինք եւ փորձեցինք Դիմատետրի մեր էջով օրական, երբեմն
ժամական դրութեամբ հասցնել լուրերը աշխարհին: Այս առիթով կ՛ուզեմ
շնորհակալութիւն յայտնել հայկական մեր բոլոր լրատուամիջոցներուն, «Երկիր
Մետիա»-ին «Ազդակ»-ին, «Ասպարէզ»-ին, հայկական բոլոր թերթերուն, որոնք
անմիջապէս կ՛արձագանգեն, կը փորձեն գտնել մեզ եւ ամէն ձեւով կապ հաստատել
մեզի հետ, որ իրենց հերթին մեր դժուարութիւնները ներկայացնեն աշխարհին:
Շնորհակալութիւ՛ն բոլորին:
Ըսեմ, որ վեց-եօթը ամիսէ ստանձնած եմ «Գանձասար»-ի խմբագրութիւնը. ինձմէ
առաջ Խաչիկ Շահինեանն էր: Այս շրջանին փորձեցի առաւելաբար մեծ տեղ տալ մեր
տագնապին, պատերազմական վիճակին, կենցաղային, տնտեսական
դժուարութիւններուն, երիտասարդական մտահոգութիւններուն, փորձեցինք աւելցնել
նաեւ ծաղրանկարի բաժին մը, արուեստագէտ Վարդգէս Պարսումեանի գործերէն,
որպէսզի լարուած վիճակին մէջ հիւմորի զգացողութիւն տանք ընթերցողին, որ
աւելի թեթեւ տանի դժուարութիւնը: Կ՛աշխատիմ թերթին շուրջ համախմբել հայ
մտաւորականները, որոնք կը գործեն տակաւին Հալէպի մէջ: Թղթակից ալ ունինք եւ
բոլորը տրամադիր են աշխատելու, եթէ քաջալերանք տեսնեն, թերեւս կամաւորաբար
ալ կ՛աշխատակցին թերթին: Նոր գրիչներ երեւան եկան, որոնց առիթ կու տանք
յատուկ բաժինով մը, որպէսզի թերթին միջոցով հնարաւորութիւն ունենան
ատայայտուելու: Պէտք է նշեմ, որ ձեռնարկներու թղթակցութեանց ալ կը փորձենք
լայն տեղ տալ, եւ այսպէս, օրը օրին լուրերը հաւաքելով, կը տեղադրենք ու
լոյս կ՛ընծայենք «Գանձասար»-ը:
«Վ. Ձ.».- Ես պիտի ուզեմ, որ նաեւ խօսինք ձեր ակնկալութիւններուն մասին, յատկապէս` նման դժուար պայմաններու մէջ:
Զ. Պ.- «Գանձասար»-ը նիւթական մեծ դժուարութիւններ
ունի, որովհետեւ թերթին մէջ ծանուցումներու բաժինը դադրած է պատերազմական
այս պայմաններուն լոյսին տակ, բայց պատկան մարմինները նիւթական
դժուարութիւններով հանդերձ, յանձն առին թերթը հրատարակել: Կը մնայ, որ
բոլորը գործակցին «Գանձասար»-ին հետ, որպէսզի մեր ճիշդ ու միակ ձայնը լսելի
դարձնենք` վերջ տալով ապատեղեկատուութեան, որովհետեւ անձնական կամ ոչ
պաշտօնական դիմատետրերէն, նոյնիսկ հայրենի լրատուամիջոցներէն յաճախ կը
տարածուին ոչ ճիշդ լուրեր, որոնք կրնան վտանգել մեր ներկայութիւնը Սուրիոյ
մէջ: Ապատեղեկատուութենէն պէտք է զգուշ ըլլանք եւ մեր գործակցութիւնը աւելի
աշխոյժ պէտք է ըլլայ իրարու հետ, որպէսզի մեր ճիշդ ձայնը լսելի դարձնենք:
Բարեբախտաբար վերջին քանի մը ամիսներուն կարծես կարելի եղաւ հակակշռել այդ
մէկը` շնորհիւ մեր գործակցութեան մամուլի տարբեր կողմերուն հետ: Մեր
ակնկալութիւնն է, որ բոլոր արտատպողները յղում կատարեն եւ վաւերական
լուրերը առնուին հաւաստի աղբիւրէն, գիտնալով, որ սուրիահայութեան միակ
պաշտօնաթերթը «Գանձասար»-ն է:
«Վ. Ձ.».- Հալէպահայութեան պէտք եղած ամենամեծ օժանդակութիւնը,
բնական է, նիւթականն է, բայց նաեւ բարոյական բաժինն ալ կայ, ներկայիս
Լիբանան գտնուող սուրիահայերուն սրտի ի՞նչ խօսք կ՛ուզես ըսել, մանաւանդ երբ
Լիբանանի վերջին դէպքերը բաւական յուսահատ դարձուցին ժողովուրդը:
Զ. Պ.- Անտրամաբանական լաւատեսութիւն չեմ ուզեր
փոխանցել, բայց կը հաւաստիացնեմ, որ սուրիահայութիւնը 60-ական
թուականներուն ալ ապրած է տագնապներ եւ յաջողած է ոտքի կանգնիլ: Ես կը
հաւատամ, որ մեր գիտակցութեամբ, համայահայկական ճիգերով, ազգային ճիշդ
քաղաքականութեան որդեգրումով մենք սուրիահայութիւնը կրնանք կանգուն պահել:
Անշուշտ մարդիկ ազատ են աւելի ապահով երկիրներու մէջ կայք հաստատելու, ոչ
ոք կրնայ ստիպել իրենց, որ անպայման ռումբերու տակ ապրին, բայց մենք Հալէպի
մէջ ունինք մեծամասնութիւն մը, որ կը հաւատայ, թէ պիտի շարունակէ ապրիլ
հալէպահայ գաղութին մէջ, որովհետեւ ունի իր ընտանեկան յարաբերութիւնները,
ունի կապուածութիւն, պատկանելիութեան զգացում եւ դժուար թէ պոկուի իր
արմատներէն, հետեւաբար կը կազմուին նոր ընտանիքներ, կ՛արձանագրուին
ծնունդներ, մահեր, սերունդներ շրջանաւարտ կ՛ըլլան, կեանքը կը շարունակուի:
Մենք պարտաւոր ենք իրարու նեցուկ կանգնելու, որպէսզի հնարաւորինս կարենանք
յաղթահարել այս դժուարութիւնները եւ ոտքի կանգնիլ: Մեր միակ ակնկալութիւնը
նախ բարոյական զօրակցութիւնն է, ապա` առաւել նիւթական օժանդակութիւնը,
որոնք կ՛իրականանան արդէն, եւ որոնց համար շնորհակալ ենք բոլորին եւ
երախտապարտ, որոնց շնորհիւ մենք ու մեր դպրոցները կանգուն կը մնանք:
Մենք ուրիշ ելք չունինք, պէտք է լաւատես ըլլանք, յոյսով ներշնչուինք,
մեր կարելին պիտի ընենք որպէս լրատուամիջոցներ` «Երկիր Մետիա»-ի եւ
«Գանձասար»-ի ճամբով, ճիշդ տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ յոյսով ենք, որ
դժուարութիւնները պիտի յաղթահարենք:
«Ազդակ», Սեպտեմբեր 2, 2014
No comments:
Post a Comment