ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Շուրջ չորս տարի առաջ էր, երբ լիբանանահայ մեր սիրելի բարեկամները՝ Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեան ամոլը, բոլորովին անձնական նախաձեռնութեամբ մտադրեցին Պէյրութի մէջ հրատարակել մանկա-պատանեկան պարբերաթերթ մը։
Զայն կոչեցին «ՓԹԻԹ»։
Նախ լոյս ընծայեցին փորձ թիւ մը, յետոյ ալ թափ տալով իրենց աշխատանքին՝ տարեկան 3 թիւի սահմաններուն մէջ՝ ցարդ կրցան հրապարակել ընդհանուր 10 թիւ։
Բայց այս 10 թիւն իսկ…յոգնեցուց զիրենք։ Ըստ երեւոյթին, գաղութին կողմէ չգտան այն հարկաւոր նեցուկն ու շօշափելի գնահատանքը, որով պիտի կարենային անարգել ու անխափան շարունակել իրենց օգտաշատ ծրագիրը։ Լիբանանահայ վարժարաններէն շատեր կատարելապէս անտարբեր գտնուեցան այս դաստիարակչական ձեռնարկին նկատմամբ, ուրիշներ՝ մասնակի կամ ձեւական շահագրգռութիւն մը ցուցաբերեցին լոկ։ Ուստի, գործը կաղաց, խմբագիրները յուսահատեցան։
Անցեալ տարի յայտարարուեցաւ, թէ «Փթիթ» չկարենալով տոկալ նիւթական դժուարութիւններու՝ ա՛լ պիտի դադրի…։
Պարբերաթերթին վերջին թիւը (10), որ մեր ձեռքն հասաւ, քիչ մը կը փարատէ յոռետեսութիւնը։ Խմբագրութիւնը կը յայտնէ, որ «փոխան դադրեցումի, պիտի դանդաղեցնէ թերթին հրատարակութիւնը»։ Այլ խօսքով, այսուհետեւ, «Փթիթ» լոյս պիտի տեսնէ տարեկան մէկ թիւ…։
«Փթիթ» մանկա-պատանեկան իւրայատուկ հրատարակութիւն մըն է, քիչ մը տարբեր՝ մեզի ծանօթ դասական նմանօրինակ թերթերէ։ Այստեղ, մանուկ ընթերցողներուն կ՛առաջարկուի ո՛չ միայն ԿԱՐԴԱԼ, այլեւ՝ ԽԱՂԱԼ եւ ԼՈՒԾԵԼ։ Թերթը 32 էջ է, ամբողջովին գունաւոր։ Տիրապետող են թուաբանական կամ բառային խաղերը, ի հակադրութիւն զուտ ընթերցանութեան էջերուն, որոնք սակաւ են, սահմանափակ։ Ա. թիւէն սկսեալ «Փթիթ» ունի նաեւ «Ծնողներու բաժին» մը, ուր հերթաբար կը ծանօթացուին Սփիւռքի տարածքին հրատարակուող մանկական թերթերն ու հայատառ մամուլի մանկա-պատանեկան էջերը։
Թերեւս ոմանք հարց տան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «ՓԹԻԹ»։
«ՓԹԹԻԼ» կը նշանակէ ծաղկիլ, տերեւ եւ ոստ արձակել…։ Փթթում կամ փթիթ՝ ծաղկում։ Գործածական են «Ծաղկափթիթ», «Մշտափթիթ» բառերը…։
«Փթիթ»ը պիտի կարենա՞յ ծաղկիլ մեր նորահաս երեխաներուն ափերուն մէջ, թէ՞ ան ալ պիտի խամրի՝ մեր ծնողներուն ու երեխայի տէր հազարաւոր ընտանիքներուն անհասկնալի անտարբերութեան պատճառով…։
Նմանօրինակ թերթ մը, կը խորհինք, չունի գաղութային դիմագիծ, եւ հարկ է ուղիներ որոնել՝ զայն հասցնելու եւ տարածելու նա՛եւ Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Արժանթինի, Պոլսոյ եւ այլ գաղութներէ ներս ալ։ Կապի համար՝ կարելի է օգտագործել խմբագրութեան հասցէն.- ptit.vega@gmail.com։

"Facebook" (Aleppo Armenians), Օգոստոս 3, 2014
No comments:
Post a Comment