ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Այս խորագիրը փոխ կ՚առնեմ իմ հի՜ն մէկ գրութենէն, որ ճիշդ 30 տարի առաջ,
ճշգրտօրէն՝ 13 Յունիս 1986-ին, լոյս տեսած էր Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին
մէջ, որուն նո՛ր է որ սկսեր էի աշխատակցիլ Հալէպէն՝ սկսնակ լրագրողի մը
դեդեւկոտ քայլերով։
Թերթին լման մէկ էջը գրաւող կարճաշունչ յօդուած մըն էր ատիկա, զոր գրի առած էի Սիմոն Սիմոնեանի մահուան անմիջական վաղորդայնին։
Թերթին լման մէկ էջը գրաւող կարճաշունչ յօդուած մըն էր ատիկա, զոր գրի առած էի Սիմոն Սիմոնեանի մահուան անմիջական վաղորդայնին։