Showing posts with label Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարան. Show all posts
Showing posts with label Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարան. Show all posts

31.12.15

2015 տարին կամ՝ երկարատեւ ծրագիրներու բացը



Ժ. Չ.
 
2015ը, հայութեան համար Մեծ Եղեռնի հարիւրամեայ ոգեկոչումի տարին էր։ Նաեւ խորքին մէջ վերապրողին տարին։ Վերապրողին մէջ նահատակին յիշատակը ողջ մնաց, փոխանցուեցաւ։ Ան մահուան բովէն անցաւ, այսուհանդերձ, ծնունդ տուաւ, սերունդ հասցուց, մէկ կողմէն կերտեց Հայաստանի հանրապետութիւններ, միւս կողմէն հարիւր տարի դիմացաւ ցրօնքին։ Սակայն, հարիւր տարի ետք լինելութեան նոյն կէտին է դեռ։

10.2.15

Արքունիքին հտպիտը


ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄ
 
Մինչ Թուրք Լե­զուի Հիմ­նարկի բա­ռարա­նին մէջ բա­ներ մը կը փնտռէի արքունի­քի հտպի­տի իմա­սին մա­սին, հան­դի­պեցայ Թ. Օֆ­լա­զօղ­լուի պատկանող՝ «Տգեղ խաղ է ասի­կա: Հտպիտ­նե­րուն խա­ղերէն վտան­գա­ւոր եզրա­կացու­թիւննե­րու կը յան­գիք» խօս­քին:
Նոյ­նիսկ եթէ փնտռէի, Մարդկա­յին Իրա­ւանց Եւ­րո­պական Դատարանին (ՄԻԵԴ) առ­ջեւ Տո­ղու Փէ­րին­չէ­քի պաշտպա­նողա­կանին մա­սին ըսուած­նե­րը ասկէ լաւ ամ­փո­փող նախադա­սու­թիւն պի­տի չկա­րենա­յի գտնել:

8.1.14

Ստորագրահաւաք՝ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի որոշումը բողոքարկելու պահանջով

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը (CCAF) հրապարակ հանած է խնդրագիր մը, որ Զուիցերիայէն կը պահանջէ բողոքարկել Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի (ՄԻԵԴ) Դեկտեմբեր 19ի որոշումը, ըստ որուն թուրք ազգայնամոլ եւ Թուրքիոյ Աշխատաւորներու Կուսակցութեան նախագահ Տողու Փէրինչէքի (ներկայիս՝ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած հակապետական դաւադրութեան որպէս մասնակից) Ժընեւ կատարուած 2007ի հրապարակային յայտարարութիւնը, թէ «այսպէս կոչուած հայկական ցեղասպանութիւնը միջազգային կեղծիք մըն է», դատապարտելի չէ։
Խնդրագրին ամբողջական բնագիրը կարդալու եւ ստորագրելու համար, այցելեցէ՛ք Change.org։

21.12.13

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը կ՚արդարացնէ ժխտող մը

Թուրքիոյ Բա­նուո­րական Կու­սակցու­թեան ընդհա­նուր քար­տուղար, ծա­նօթ ազ­գայնա­մոլ եւ ժխտող Տո­ղու Փէ­րին­չէք 2005ին ժխտողական արտայայտութիւններ ունեցած էր Զուիցե­րիոյ մէջ, ուր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը պաշ­տօ­նապէս ճանչցուած է եւ ժխտումն ալ պատ­ժե­լի արարք է: Որ­պէս հե­տեւանք, զուիցե­րական ար­դա­րադա­տու­թիւնը 2007ին զայն դատապարտած էր 90 օր բան­տարկու­թեան: Պա­տիժը կրե­լէ խու­սա­փած ըլ­լա­լուն պատճառով ալ, Փէրին­չէք իւ­րա­քան­չիւր օրուան հա­մար 100 զուիցե­րական ֆրան­քի հա­շուով՝ ընդհա­նուր 9 հա­զար զուիցե­րական ֆրանք տու­գանքի դա­տապար­տուած էր: