Showing posts with label Ողջակիզում. Show all posts
Showing posts with label Ողջակիզում. Show all posts

10.6.16

Խոստովանողն ու ուրացողը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
«Գերմանիա՛, նախ Ողջակիզումին հաշիւը տուր»։
«Հիթլերին թոռները Թուրքիան ցեղասպանութեամբ կ՚ամբաստանեն»։
«Գերմանիա՛, նախ քու կեղտոտ պատմութիւնդ դիտէ»։
«Գերմանացիները կ՚ուզեն Ողջակիզումը տարածել աշխարհով մէկ, կ՚ուզեն այլ ազգերուն ցոյց տալ, որ ինչ որ հրեաներուն պատահած է, սովորական է՝ եւ այս ձեւով  յանցակից մը կը փնտռեն»։
Քանի մը նմոյշ այն արտայայտութիւններէն, զորս յաճախ կը լսենք վերջին օրերուն՝ բաւական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կամ նոյնքան բաւական մասնագէտ պատմաբաններու բերնէն։
Ժամանակի կորուստ պիտի ըլլար անշուշտ պատասխանել ամբոխավարական այս յայտարարութիւններուն։