Showing posts with label Նաւասարդ արք. Կճոյեան. Show all posts
Showing posts with label Նաւասարդ արք. Կճոյեան. Show all posts

18.7.13

Նաւասարդ արք. Կճոյեանի դէմ ստորագրահաւաքը՝ անգոյ, հաղորդագրութիւնը՝ կե՞ղծ

Յուլիս 13ի մեր թի­ւով (թիւ 530) հա­յաս­տա­նեան լու­րե­րու բաժ­նին մէջ, գրած էինք, թէ «Մենք ենք մեր երկրի վա­ղուայ տէ­րը» կո­չեցեալ հան­րա­յին կազ­մա­կեր­պութիւն մը ստորագ­րա­հաւաք մը կը կազ­մա­կեր­պէ՝ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսէն պա­հան­ջե­լու համար Արա­րատեան թե­մի հայրապետական փո­խանորդ Նա­ւասարդ արք. Կճո­յեանի կար­գա­լու­ծումը: Այդ առ­թիւ, նշեալ կազ­մա­կեր­պութեան Յու­լիս 11ին «Դի­մագիրք»ի միջոցով հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ ծանր բա­ռամ­թերքով կը պա­խարա­կուէր հո­գեւո­րակա­նին վար­քը, որուն անու­նը վար­չա­պետին օֆ­շո­րային գայ­թակղու­թեան ալ առն­չուած է: Ապա կ՚ըսուէր թէ յա­ջորդ առ­տուընէ իսկ՝ Յու­լիս 12էն, ստո­րագ­րա­հաւա­քը կը սկսէր Հիւ­սի­սային պո­ղոտա­յի եւ Թու­մա­նեան փո­ղոցի խաչ­մե­րու­կին: Հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ որ­պէս նա­խաձեռ­նող կազ­մա­կեր­պութեան ղե­կավար, նշուած էր Երե­ւանի Պետական Հա­մալ­սա­րանի շրջա­նաւարտ ոմն Յով­հաննէս Ղահ­րա­մանեանի անու­նը:

14.7.13

Կիպրոսի հեռափնեայ (offshore) ընկերութեան գայթակղութիւնը եւ Նաւասարդ արք. Կճոյեանը

Մայիս 29ին, «Հետք» լրագրական հետաքննութեան ելեկտրոնային թերթը հրապարակած էր զգայացունց լրատուութիւն մը՝ Կիպրոս արձանագրուած հեռափնեայ (*) "Wlispera Holdings Limited" ընկերութեան գոյութեան մասին, որուն բաժնետէրերն են, ըստ վաւերաթուղթերու, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Արարատեան թեմի Հայրապետական Փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանը եւ գործարար Աշոտ Սուքիասեանը, եւ որուն հաշուոյն մեծ գումարներու փոխանցումներ կատարուած են ի վնաս ուրիշ գործարարի մը՝ Փայլակ Հայրապետեանի։