Յուլիս 13ի մեր թիւով (թիւ 530) հայաստանեան լուրերու բաժնին մէջ, գրած էինք, թէ «Մենք ենք մեր երկրի վաղուայ տէրը» կոչեցեալ հանրային կազմակերպութիւն մը ստորագրահաւաք մը կը կազմակերպէ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն պահանջելու համար Արարատեան թեմի հայրապետական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի կարգալուծումը: Այդ առթիւ, նշեալ կազմակերպութեան Յուլիս 11ին «Դիմագիրք»ի միջոցով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ծանր բառամթերքով կը պախարակուէր հոգեւորականին վարքը, որուն անունը վարչապետին օֆշորային գայթակղութեան ալ առնչուած է: Ապա կ՚ըսուէր թէ յաջորդ առտուընէ իսկ՝ Յուլիս 12էն, ստորագրահաւաքը կը սկսէր Հիւսիսային պողոտայի եւ Թումանեան փողոցի խաչմերուկին: Հաղորդագրութեան մէջ որպէս նախաձեռնող կազմակերպութեան ղեկավար, նշուած էր Երեւանի Պետական Համալսարանի շրջանաւարտ ոմն Յովհաննէս Ղահրամանեանի անունը: